Արարատ Միրզոյեան Մեկնեցաւ Անթալիա

By Asbarez | Monday, 14 March 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 10-12 Մարտին կ՛այցելէ Անթալիա՝ մասնակցելու Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան:

Ան դիտել տուաւ, որ տեղի պիտի ունենան նաեւ շարք մը հանդիպումներ գործընկերներու հետ՝ չյստակացնելով, թէ որո՛նց հետ նախատեսուած են այդ հանդիպումները:

Անգարա գոհունակութեամբ արձագանգած էր Միրզոյեանի՝ Անթալիոյ ֆորումին մասնակցելու որոշումին՝ նշելով. «Նմանօրինակ փոխադարձ քայլեր պիտի նպաստեն երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան ընդլայնման եւ ամբողջական կարգաւորման նպատակով վստահութեան բարձրացման միտուած քայլերու քննարկման»:

10 Մարտին նախարար Միրզոյեան Անթալիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ: Անոնք անդրադարձան հայ-ռուսական  համագործակցութեան հարուստ օրակարգին, քննարկեցին դաշնակցային յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին, բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կապերու աշխուժացման վերաբերեալ:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները  հանգամանալից միտքեր փոխանակեցին ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ միջազգային այլ հարթակներու վրայ գործակցութեան սերտացման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման շուրջ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար 2021ի եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի եռակողմ յայատարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:

Կարեւոր նկատուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման խաղաղ բանակցութիւններու ամբողջական վերսկսումը:

Միրզոյեան Լաւրովին ներկայացուց ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիին մէջ զինադադարի դրութեան շարունակական խախտումներուն եւ սադրիչ գործողութիւններուն պատճառաւ ստեղծուած իրավիճակը՝ կարեւոր նկատելով լարուածութեան թուլացման եւ միջադէպերու կանխման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

comments