Պաշտպանելով Արցախը Պաշտպանենք Հայաստանը Լօզունգով Ընդդիմութեան Հանրահաւաք Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

By Asbarez | Wednesday, 06 April 2022



ԵՐԵՒԱՆ.- 5 Ապրիլին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Պաշտպանելով Արցախը` պաշտպանենք Հայաստանը» լօզունգով` «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններուն նախաձեռնած բազմամարդ հանրահաւաքը, որուն միացան շարք մը քաղաքական ուժեր, ընդդիմադիր հասարակական գործիչներ:

Հանրահաւաքի նախաձեռնողները քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին` կանգնելու Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ:

ՀՅԴ անդամները Մատենադարանի յարակից հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ` «Արցախը երբեք չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում», «Թուրքն իմ թշնամին է», «Հայաստանը թուրքական միջանցք չէ», «Նիկոլը չի ներկայացնում հայկական շահը», «Recognize Artsakh» գրութիւններով պաստառներ բարձրացուցած։

Անոնք կը կրկնէին` «Հայաստա՛ն, ոտքի», «Արցա՛խ ոտքի», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Արցախը չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում»:

ՀՅԴի անդամ Սեւակ Նազարեան յայտարարեց, որ մեր հայրենիքը վտանգի տակ է,առ այդ, ընդդիմութեան այս գործընթացը կանգ պիտի չառնէ, այնքան ատեն որ այս իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց զիջողական քաղաքականութիւնը եւ «մենք` բոլորս, այս հարցը չենք լուծել այստեղ` Երեւանում»:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ կացութիւնը այլեւս անհանդուրժելի դարձած է, պիտի չհանդուրժեն երկիրի բզքտումը, ոչ ալ երկիրը բզքտողները։ Ան ըսաւ, որ գրեթէ մէկ տարի է, որ Ատրպէյճան կը գտնուի Հայաստանի օրինական տարածքին մէջ, եւ որեւէ մէկը այսօր այս երկրին մէջ չի կրնար երաշխիք տալ, որ իրենց միտքով չ՛անցնիր աւելի խորանալ կամ այլ տեղերէ մտնել Հայաստանի տարածք` չհանդիպելով որեւէ դիմադրութեան:

Ելոյթներով հանդէս եկան ընդդիմադիր պատգամաւորներ Արամ Վարդեւանեան, Տիգրան Աբրահամեան եւ Հայկ Մամիջանեան:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հրապարակէն յայտարարեց, որ այս հաւաքով նոր պայքարի սկիզբը կը դրուի, եւ որ անիկա շարունակութիւն պիտի ունենայ։ «Ինչ պէտք է անել. սա ձեր բոլորի գլխաւոր հարցադրումն է: Հրապարակում հիմա կան բազմաթիւ մարդիկ, օնլայն հարթակում, հեռուստացոյցով հետեւում են հազարաւոր քաղաքացիներ: Պէտք է ամէն ինչ անենք, որ այդ քաղաքացիներին բերենք փողոց, պարզ ձեւակերպեմ` բոլոր նրանք, ում համար թանկ է մեր հայրենիքը, պէտք է իջնեն փողոց եւ միանան այդ պայքարին: Պայքարը աւարտին հասցնելու ենք այն օրը, երբ բոլորը միանան մեզ եւ այդ օրը հեռու չէ: Ասում էք` ծրագիր ունե՞ք, ասում եմ` այո, կարո՞ղ ենք երկիրը այս վիճակից դուրս բերել, ասում եմ` այո՛»: Ան շեշտեց, որ ասիկա պայքար է յանուն Արցախի դրօշին, յանուն եռագոյնի, յանուն միասնութեան եւ վաղուան յաղթանակին։

Ապա հանրահաւաքին մասնացողիները ուղղուեցան դէպի Ֆրանսայի հրապարակը, ուր հրապարակեցին եզրափակիչ բանաձեւ մը, զոր ընթերցեց Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան։

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան հրաւիրուած հանրահաւաքին մասնակցողները, անկախ իրենց գաղափարաբանական եւ քաղաքական տարբերութիւններէն, վճռականօրէն կը մերժեն թուրք-ատրպէյճանական լծակից կողմերէն պարտադրուող օրակարգերը: Ըստ ցուցարարներուն՝ խաղաղութեան նախադրեալներ ստեղծելու համար, Ատրպէյճան պէտք է վերադարձնէ հայ ռազմագերիները, պատանդները, այլ պահուող անձերը, բանտարկութեան դատապարտուածները, իր զօրքերը հեռացնէ թէ՛ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն եւ թէ Արցախի տարածքին մէջ՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի դրութեամբ դիրքերէն:

Հանրահաւաքին մասնակցողները հրապարակեցին այն հիմնարար սկզբունքները, որոնց միջոցաւ.

«– Հաստատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման երաշխաւորն է` բոլոր բաղադրիչներով,

«– Բացառել Արցախի որեւէ կարգավիճակ Ադրբեջանի կազմում,

«– Բացառել առանց Հայաստանի հետ յուսալի ցամաքային կապի Արցախի անկլաւային (միջերկիր, շրջափակ տարածք) վիճակը,

«– Քայլեր ձեռնարկել 1994 թ. ԵԱՀԿ գագաթաժողովի որոշմամբ ամրագրուած ձեւաչափով եւ նպատակներով բանակցային գործընթացի վերականգնման ուղղութեամբ,

«– Բացառել Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հաշուին հաղորդակցութեան ուղիների ապաշրջափակման անուան տակ միջանցքների տրամադրումը,

«– Ադրբեջանի կողմից ուժի կիրառման եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի պայմաններում բացառել ցանկացած միջպետական պայմանագրի ստորագրում եւ սահմանազատման ու սահմանագծման ցանկացած գործընթաց,

«– Չստորագրել Ադրբեջանի հետ որեւէ պայմանագիր, որը կը խափանի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի` առանց սահմանափակումների իրացումը,

«– Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններում բացառել որեւէ համաձայնութիւն, որը հարցականի տակ կը դնի հայ ժողովրդի հայրենազրկման եւ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ հայութեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան կրողը լինելու իրաւունքը»:

Յայտարարութիւնը կ՛եզրափակուի այն հաստատումով, որ այս սկզբունքները կը բխին հայ ժողովուրդի կենսական շահերէն, ուստի որեւէ իշխանութիւն պարտաւոր է առաջնորդուիլ այս օրակարգով եւ ապահովել անոր իրականացումը: «Այս օրակարգի առաջադրումը չի նշանակում պատերազմ, այլ հայ ժողովրդի կենսական շահերի հաշուառմամբ իրական, արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւն: Ներկայացուած սկզբունքների չիրագործումն անխուսափելիօրէն կը յանգեցնի համաժողովրդական լեգիտիմ (օրինական) հակազդեցութեան բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ եղանակներով», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը:

comments