Կոչ Աւստրալահայութեան – Ու Պայքարը Կը շարունակուի

By | Sunday, 24 April 2022




Ցեղասպանութեան մեծ ոճիրէն 107 տարիներ ետք հայութիւնը կը մնայ ամենուրեք, քիչ մը աւելի վճռակամ ու պահանջատէր, քիչ մը աւելի պայքարունակ ու հետամուտ, իր արդարացի դատին կառչած:

Ճիշդ  է որ թագաժահրն ու աշխարհաքաղաքական նենգ խաղերը այսօր եկած են խախտելու մարդկութեան ապրելակերպի հաւասարակշռութիւնը ու կը ստեղծեն աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներ, ուր գոյութիւն չունին տրամաբանութիւնն ու արդարացիութիւնը, բայց եւ այնպէս հայութիւնը կը շարունակէ իր անժամանցելի դատին նուիրուած ըլլալու պայքարը յառաջ տանիլ ամէն ճակատներու վրայ:

Հայութիւնը կը շարունակէ այդ պայքարը յառաջ տանիլ, հակառակ այն իրողութեան որ մերթ ընդ մերթ ընկրկումներ կը նկատուին իր յառաջխաղացքին մէջ, մերթ ընդ մերթ ընկրկումներ կը նկատուին նոյնիսկ այս աշխատանքի յառաջամարտիկը դառնալու կոչուած Հայաստանի իշխանութեան քայլերուն մէջ,որովհետեւ կը հաւատայ իր աշխատանքի արդարացիութեան:

Սիրելի'  Հայրենակիցներ՛

Մենք՝ սփիւռքը ծնունդ է այս ցեղսպանութեան եւ հաւատքով ու " կը յիշեմ , կը պահանջեմ ” կարգախօսով տէրն ենք այս պայքարին եւ արդարօրէն իրաւունքը ունինք հայրենի իշխանութեան աջակցութեան, սակայն դժբախտաբար 107 ամեակի այս օրերուն անոնց հայեացքներու սեւեռումը այլ տեղ է , որ կը կոչուի ցնորամիտ ու անհաւասարակշիռ խաղաղութեան որոնում, հեռու Չարենցեան այն պատգամէն որ կ'ըսէ.- Ով հայ ժողովուրդ քո փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի եւ միասնութեան մէջ է:

Մենք կը հաւատանք որ հայութեան պայքարի համերաշխութեան արգեկակող այս ընթացքը ունի վերջ, մինչ այդ մեր պայքարը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի, պէտք է շարունակուի նոյն ուժգնութեամբ ու թափով, նոյն միասնականութեամբ ու վճռակամութամբ, ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներու նման հզօր երկրի մը ճանաչմամբ, երբ նոր հանգրուան մը ստեղծուած է հասնելու արդարութեան ու իրաւունքներու ձեռքբերման:

Հետեւաբար , գործելու նոր հրամայականներու առջեւ կը գտնուինք, որը կ'ենթադրէ աշխատանքի յարատեւութիւն եւ մենք նուիրուած ենք իրականացնելու այդ սուրբ աշխատանքը ու նուիրագործելու մեր սուրբ նահատակներու հոգիներէն բխող կանչը.- Կը Յիշեմ, Կը Պահանջեմ :

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement