By Asbarez | Monday, 25 April 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 22 Ապրիլին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ։ Այլ հարցերու կողքին, անոնք անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան, նաեւ նկատի ունենալով Փութինի եւ Միշէլի վերջին կապերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ: Վերահաստատուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ին, 11 Յունուարին եւ 26 Նոյեմբեր 2021ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ եռակողմ համաձայնագիրներու իրականացման հետեւողականութիւնը:
«Այս պարունակին մէջ, Ռուսիոյ նախագահը խօսեցաւ տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու վերականգնման ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացին, երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման բանակցութիւններու մեկնարկին վերաբերող քայլերուն մասին», կ՛ըսուի Քրեմլինի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Փաշինեանի հետ զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հարաւային Կովկասի կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի յառաջխաղացքին ուղղութեամբ հետագայ աշխատանքի հեռանկարները: «Եւրոպական Միութիւնը ինչպէս նախապէս, հիմա ալ կը շարունակէ հաւատարմօրէն աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկխօսութեան», գրած է Միշէլ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի վարչապետին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ` 6 Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ