Լաւրով Եւ Տաւութօղլու Արցախի Հարցը Կը Քննեն

By Asbarez | Wednesday, 25 January 2012

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Յունուար 25ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ահմետ Տաւութօղլուի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթը, Միջին Արեւելքի մէջ իրավիճակը, Իրանի եւ Սուրիոյ շուրջ ստեղծուած կացութիւնը։

Կողմերը համաձայնած են աւելցնել գործադրուող ջանքերը, իսկ հանդիպման վերջաւորութեան հաղորդագրութիւն մը ստորագրուած է։

Լաւրով յայտարարած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, եւ բարձր գնահատած է ռազմավարական նախագծման համատեղ խմբակի աշխատանքը:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը իր կարգին ընդծած է. «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմավարական մակարդակի միութեան ստեղծումն ու ռազմավարական նախագծման համատեղ խումբի գործունէութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն համար»։

comments