Հայաստանի Նախագահը Պաշտպանական Դիրքեր Կ՛այցելէ

By Asbarez | Monday, 04 January 2010

ԵՐԵՒԱՆ.- Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի Զինուած ուժերի Գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այցելած է երկրի պաշտպանական դիրքեր:

Նախագահի կայքէջի հաղորդագրութեան համաձայն, Սերժ Սարգսեան նախ այցելած է սահմանամերձ Այգեհովիտ գիւղ, հետաքրքրուած է սահմանամերձ բնակավայրերու խնդիրներով: Այգեհովիտցիներու հետ հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ սահմանամերձ բնակավայրերն ու անոնց բնակիչները երկրի սահմաններու բնական պաշտպաններն են եւ պիտի շարունակեն արժանանալ պետութեան յատուկ ուշադրութեան:

Զինուած ուժերու Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը այնուհետեւ այցելած է պաշտպանական դիրքեր, ծառայութեան ընթացքին իրենց պարտաճանաչութեամբ, խիզախութեամբ եւ անձնուիրութեամբ աչքի ինկած տասնեակ մը զինուորներու Սերժ Սարգսեանը պարգեւատրած է ժամացոյցներով:

Նախագահը շնորհաւորած եւ բարեմաղթանքներ յղած է բանակի բոլոր զինուորներուն՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօների կապակցութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց անձնուէր ծառայութեան համար:

Պաշտպանական դիրքեր այցելութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեանին ուղեկցած են Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանը, Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդ Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանը, գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեանը:
Նոր Տարուան առթիւ «Ասպարէզ» եւս կը միանայ համայն հայ ժողովուրդին՝ մեր ազգային բանակի զինուորներուն մաղթելով անփորձանք ծառայութիւն:

comments