Ստեղծուելիք Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կազմին Մէջ Պիտի Միաւորուին 3 Կառոյցներ

By Asbarez | Monday, 18 July 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Ներքին գործոց նախարարութեան ստեղծումով պիտի միաւորուին 3 կառոյցներ` Ոստիկանութիւնը, Փրկարար ծառայութիւնը եւ Միգրացիոն ծառայութիւնը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արդարադատութեան փոխնախարար Արփինէ Սարգսեան «Ներքին գործերի նախարարութեան ստեղծումը, քաղաքացիական վերահսկողութեան կարեւորութիւնը» թեմայով խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին:

«Ի սկզբանէ բարեփոխումները միտուած են եղել հէնց ոստիկանութեան վերանայմանը, սակայն այդ բարեփոխումների շղթայում ներառւում են նաեւ Միգրացիոն (գաղթի) ծառայութիւնը եւ արտակարգ իրավիճակների նախարարութիւնը: Պէտք է արտակարգ իրավիճակների` աղէտների, ճգնաժամային այլ իրավիճակների պարագայում ունենանք մէկ կէտից կառավարում, որը թոյլ կը տայ ունենալ միասնական քաղաքականութիւն: Հետեւապէս, կարծում ենք, որ աղէտների, ճգնաժամային եւ այլ իրավիճակներում մէկ կէտից կառավարումը եւ միմեանց փոխլրացնող արձագանգն, ըստ էութեան, թոյլ կը տայ ՆԳՆին աւելի արդիւնաւէտ կերպով իրացնել իր առջեւ դրուած խնդիրները», ըսաւ Սարգսեան:

Ան նկատել տուաւ, որ, օրինակ, Փրկարար ծառայութիւնը եւ Ոստիկանութիւնը միմեանց կարողականութիւնը օգտագործելու միջոցով շատ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կրնան հասնիլ հարցի լուծման: Ըստ Սարգսեանի՝ նոր նախարարութեան ծիրին մէջ այս երեք ուժերու մէկտեղումը կարելիութիւն պիտի տայ հանգիստ կերպով օգտագործելու մէկզմէկու կարելիութիւնները եւ ունենալ միասնական մօտեցում տարբեր հարցերու նկատմամբ:

Արփինէ Սարգսեան բացատրեց, որ ներկայ դրութեամբ՝ գաղթականութեան ոլորտով կը զբաղի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան Միգրացիոն ծառայութիւնը, բայց կան հարցեր, որոնք բնորոշ են անոր, սակայն  կեդրոնացուած են Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան մէջ, կան գործառոյթներ, որոնք  բնորոշ են աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան, սակայն անոնք կը պահպանուին Միգրացիոն ծառայութեան գործառոյթներու ցանկին վրայ: Հետեւաբար, փոխնախարարը կարեւոր նկատեց գաղթականներու հարցերու արդիւնաւէտ կառավարում ունենալը: «Միգրացիոն հոսքերի կառավարելիութիւնն աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու տեսանկիւնից ՆԳՆ կազմում ստեղծուելու է Միգրացիոն եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւնը, որը կը միաւորի Անձնագրերի եւ վիզաների վարչութիւնը, նաեւ Միգրացիոն ծառայութիւնը», նշեց ան:

Այս նախագիծին արձագանգեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան՝ նշելով, թէ Հայաստանի մէջ ներքին գործոց նախարարութեան կազմութեան քայլերուն ու փուլերուն մանրակրկիտ ծրագրաւորումը եւ իրագործումը մեծագոյն մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ասիկա ամէնէն լայնածաւալ վերակազմակերպումն է: Պաշտպանը նշեց, որ իւրաքանչիւր երկրի մէջ նման կառուցոային փոփոխութիւն կատարելու ատեն պէտք է նկատի ունենալ կառավարման ձեւը, աւանդոյթները եւ մշակոյթը:

«Ներքին անվտանգութեան հարցերը որեւէ երկրում չեն կարող անջատ դիտարկուել արտաքին անվտանգութեան մարտահրաւէրներից: Մեր երկրում 44օրեայ պատերազմից ու դրան յաջորդած ու, թերեւս, հիմա շարունակուող անվտանգային իւրայատուկ միջավայրը ուղղակիօրէն թելադրելու է սկզբունքներ ներքին գործերի նախարարութեան ձեւաւորման համար: Գործնականում կառուցուածքը պլանաւորելիս (ծրագրելու ընթացքին)` մենք շատ հարցեր աւելի սուր ենք զգալու, քան հինգ տարի առաջ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ ոստիկանութիւնը պէտք է գործէ արհեստավարժ կերպով, պէտք է պաշտպանէ հանրութիւնը:

«Երբ խօսում ենք այն մասին, որ ոստիկանութիւնը ապաքաղաքական կառոյց է, որը պէտք է օրէնքի կիրառման միջոցով ծառայի ու պաշտպանի հանրութեանը, չպէտք է մոռանալ, որ ամբողջ աշխարհում ոստիկանութիւնը հասարակութեան հետ ամենաինտենսիւ (ամէնէն խիտ) շփուող իրաւապահ մարմինն է եւ այդ առումով աւելի խոցելի է սոցիալական (ընկերային) մեդիայի քարկոծման տեսակէտից: Ոստիկանութիւնը պէտք է ստանայ պատշաճ կրթութիւն, հրահանգաւորում, առաջնորդուի օրէնքներով ու կանոններով, պէտք է ունենայ մասնագիտական շարունակական պիտանի կրթութեան հնարաւորութիւն», նշեց ան` աւելցնելով, որ ոստիկանութեան կառուցային վերանայման տրամաբանութեան մէջ պահը պէտք է օգտագործուի ժամանակակից մարտահրաւէրները սպասարկող ճգնաժամային իրավիճակներուն մէջ բարձր մակարդակի յարմարուողականութիւն ապահովող եւ աշխոյժ կառուցուածք ունենալու համար:

comments