Սկսած Են Հայ-թրքական Սահմանին Վրայ Ականազերծման Աշխատանքները

By Asbarez | Monday, 18 July 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Մինչ Կարսի բնակիչները կը սպասեն սահմանային անցակէտի բացման, Հայաստան-Թուրքիա սահմանին ականազերծման աշխատանքներ  սկսած են, կը գրէ թրքական GazeteKars լրատուական կայքը:

Ըստ աղբիւրին՝ ականազերծման աշխատանքները կ՛իրականացնէ իսրայէլեան ընկերութիւն մը եւ կը նշուի, որ Կարսի Աքիաքայ շրջանի Իպիշ գիւղի մօտերը աշխատանքը սկսած է մօտաւորապէս երեք շաբաթ առաջ:

Այս մասին պաշտօնական աղբիւրներէ առայժմ տեղեկատուութիւն չկայ:

comments