By Asbarez | Friday, 05 August 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանը Արցախին կապող նոր` Լաչինի միջանցքը փոխարինող ճամբուն շինարարութիւնը պիտի սկսի Օգոստոսին։ Այս մասին յայտարարեց Տարածքային կառավարման նախարարութիւնը:
Ատրպէյճանական կողմը արդէն աւարտին հասցուցած է գործը. Բերդաձորի գիւղերուն մէջ թուրք եւ ատրպէյճանցի շինարարները կը կուպրապատեն ճանապարհը: Կոռնիձորի տակ արդէն աւարտած են կամուրջի շինարարութիւնը:
«Այո՛, ճանապարհները իրօք սարքում են, էն ժամանակ սաղ սարեր են, հիմա հարթ ճանապարհ են սարքում», յայտնեց կոռնիձորցի Թամարա Աբրահամեան` աւելցնելով, թէ առաւել քան տարիէ մը ի վեր, վախէն կը ցնցուին ատրպէյճանական շինարարական պայթիվժւներէն: «Վախ ա էլի, որ կարող ա կրակոց ա, բայց կրակոց չի, պայթեցնում են, ճանապարհն են սարքում», ըսաւ Աբրահամեան:
Հայկական կողմը պէտք է կառուցէ Կոռնիձորէն Տեղ գիւղ տանող հատուածը: Գիւղին մէջ առայժմ շինարարներ չեն երեւիր: «Մեր կողմից ոչ մի աշխատանք չի կատարուել, Ադրբեջանի կողմից կատարուել է զուտ իրենց մասով` դէպի իրենց ճանապարհը, եւ կամուրջն են սարքել: Իսկ մեր կողմում ոչ մի աշխատանք դեռ չի իրականացուել, չափագրողներ եկել են, չափագրումներ կատարել են այն տարածքով, որ պիտի անցնի», «Ազատութեան» յայտնեց Կոռնիձորի համայնքապետարանի ներկայացուցիչ Լուսինէ Քարամեան:
Ան ըսաւ, որ շաբաթներ առաջ գիւղի յարակից տարածքին մէջ մասնագէտները հետազօտական աշխատանք կատարած են:
Կառավարութիւնը Յունիս ամսուան վերջին նիստին տուաւ որոշում, որուն միջոցաւ գումար կը յատկացուի ճամբաներու երկրաբաշխութեան, քարտէսագրական աշխատանքներուն համար, որոնց կարգին՝ Մ-12 Կոռնիձոր-Արցախ մայրուղիի վերակառուցման:
«Մեզ հասած տուեալներով` ճանապարհը երեւի կ՛անցնի դաշտամիջեան ճանապարհով, այսինքն` Կոռնիձորի յարակից դաշտավայրերով», ըսաւ Քարամեան:
Եռակողմ յայտարարութեամբ երեք տարուան ընթացքին Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ պիտի հաստատուի: Երեք տարին չանցած Ատրպէյճան ոչ թէ նախագիծի, այլ շինարարութեան աւարտի մասին կը խօսի: Հայկական կողմը նոր կը սկսի շինարարութեան:
Եռակողմ յայտարարութենէն ամիս մը չանցած, Ատրպէյճանի նախագահը արդէն կը յայտարարէր`պիտի կառուցեն Լաչինի միջանցքը փոխարինող ճամբան:
Հայասատան-Արցախ նոր երթուղիի երկայնքով նոյնպէս ռուս խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին, այդպէս նախատեսուած է եռակողմ յայտարարութեամբ:
comments
Յայտարարուած Է Մասնակի Զօրահաւաք. Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Հաղորդէ 2 Զոհի Եւ 14 Վիրաւորի Մասին
Երեւան Անթոյլատրելի Կը Նկատէ Լաչինի Վերաբերեալ Պաքուի Յայտարարութիւնը
Մոսկուա Դարձեալ Արձանագրեց Ատրպէյճանի Կողմէ Հրադադարի Խախտման Փաստերը
Դիմադրութիւն Շարժումը Ունեցաւ Հանրահաւաք Եւ Երթ
Ալիեւ Դարձեալ Պահանջեց Հայաստանի Զօրքերը Դուրս Բերել Ղարաբաղէն
ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան Մուտքը Արգիլուեցաւ
Պիտի Խստացուի Սփիւռքահայերուն Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը