ՀՅԴ Բիւրօն Կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Որոշումը

By Asbarez | Thursday, 26 January 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրօն Յունուար 24ին աւարտեց իր լիագումար նիստը, անդրադարձաւ վերջին շաբաթներուն Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող գործընթացին, ողջունեց Ֆրանսայի քաղաքական ազդեցիկ ուժերուն համախոհ վճռակամութիւնը՝ պահպանելու Ֆրանսայի վարկն ու առաքելութիւնը՝ իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան պետութեան:

ՀՅԴ Բիւրօն նաեւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ առաւել սթափ եւ հանդարտ կեցուածք ցուցաբերելու Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող վերջին քաղաքական գործընթացներուն նկատմամբ եւ փորձելու  հաշտուիլ սեփական պատմութեան հետ: Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ թրքական իշխանութիւնները պէտք չէ շարունակեն Թուրքիոյ ժողովուրդներուն անհանդուրժողականութիւն եւ սեփական պատմութեան ուրացում քարոզել, այլ՝ իբրեւ 21րդ դարու քաղաքակրթական արժէքները դաւանելու յաւակնող երկիր, Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ստանձնէ անկէ բխող իր պատասխանատուութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոն կ՛ակնկալէ, որ Ֆրանսայի նախագահը հաստատէ Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներուն որդեգրած օրինագիծը եւ այդպիսով նոր որակ տայ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ Հայ Դատին միջազգային զօրակցութեան գործընթացին:

comments