Ուաշինկթըն Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Հարցերու Համապարփակ Եւ Խաղաղ Լուծման

By Asbarez | Tuesday, 13 September 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըր 8-10 Սեպտեմբերին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:

Ռիքըր հանդիպումներուն ընթացքին վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ ապահով, կայուն, ժողովրդավար, բարեկեցիկ եւ խաղաղ ապագայ մը խթանելուն մէջ:

Ան նշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր հարցերուն համապարփակ եւ խաղաղ լուծման աջակցելու նպատակով, Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ իր մասնակցութիւնը երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով, ինչպէս նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպէս՝ Եւրոպական Միութիւնը:

comments