Արթուր Ալեքսանեան Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեան

By Asbarez | Tuesday, 13 September 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Ողիմպիական խաղերու ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, 97 քկ. դասակարգին մէջ 5-1 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Քիրիլ Միլենով Միլովին եւ չորրորդ անգամն ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան։

comments