Ատրպէյճանցիները Կրակեցին Կարմիր Շուկայի Եւ Թաղավարդի Ուղղութեամբ

By Asbarez | Tuesday, 13 September 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 12 Սեպտեմբերի կանուխ առաւօտեան՝ ժամը 4-4։30ին, ատրպէյճանցիները կրակեցին Արցախի երկու բնակավայրերու` Կարմիր Շուկայի ու Թաղավարդի ուղղութեամբ, վնաս հասցնելով բնակելի տուներու։ Այս մասին յայտնեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

Կարմիր Շուկայի բնակիչները արթնցան կրակոցներու ձայներէն, իսկ Նարինէ Սարգսեան եւ իր ընտանիքի միւս անդամները իրենց տան պաշտգամին դրան վրայ կրակոցի հետքեր գտան։ «Փամփուշտը դրան մօտ էր, մտել ա տուն, պատին ա կպել ու ընկել սեղանի մօտ», ըսաւ ան։

Գիւղացիները Արցախի հանրային ռատիոյին հետ ունեցած զրոյցներու ընթացքին դիտել տուին, որ ատրպէյճանական դիրքերէն յատուկ կերպով իրենց տուները թիրախ դարձուցին:

Դրացի Թաղավարդի մէջ ատրպէյճանցիներու կրակոցներէն վնասուած տունէն ոչ հեռու գտնուեցաւ մեծ տրամաչափի գնդացիրի փամփուշտ մը։

«Փառք Աստծոյ, մարդկային տուժածներ չունենք: Ադրբեջանի կողմից Արցախում իրականացուող էթնիկ զտման քաղաքականութիւնը մի քանի գործիքներ ունի եւ այդ գործիքներից մէկը նաեւ հէնց սա է: Պարբերաբար խաղաղ բնակավայրերի մերձակայքում տեղակայուած մարտական դիրքերից ուղղորդուած կամ օդ կրակոցները, որոնք հէնց նպատակ են հետապնդում ահաբեկելու եւ խաթարելու քաղաքացիական բնակչութեան կեանքը», կը գրէ Ստեփանեան:

Պաքու շտապեց «սուտ» որակել Կարմիր Շուկան թիրախ դարձնելու մասին պնդումները, փոխարէնը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն 11րդ օրն է, որ կը պնդէ, թէ Հայաստանի զինուած ուժերը կրակ բացին ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, բան մը՝ զոր մնայուն կերպով կը հերքէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ 12 Սեպտեմբերին Արցախի պաշտպանութեան բանակը իր հերթին հերքեց, թէ կրակած է Արցախի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Ստեփանեան յիշեցուց, որ Օգոստոսի սկիզբը եւս սահմաններուն վրայ լարուածութենէն առաջ, ատրպէյճանական կողմը հայերը կը մեղադրէր զինադադարը խախտելուն մէջ՝ շեշտելով, որ այս ատրպէյճանական նոյն ձեռագիրն է: «Ցանկացած էսկալացիայից (մագլցումէ) առաջ գրեթէ մշտապէս նոյն գործողութիւնները ձեռնարկւում են, նկատի ունեմ նման դէպքեր` քաղաքացիական բնակավայրերի մերձակայքերում կրակոցներ, տեղեկատուական դաշտում հայկական կողմի հասցէին հնչող մեղադրանքներ, թէ իբր հայկական կողմն է դիմում խախտումների», յայտնեց Ստեփանեան:

Մինչ ան խուսափեցաւ կանխատեսումներէն, յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան վստահ է, որ Ատրպէյճան կը ծրագրէ մշտական դարձած սահմանային սադրանքը:

Ըստ անոր՝ այդ նպատակով արդէն առաւել քան 10 օրերէ ի վեր այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կեղծ յայտարարութիւններ կը կատարէ, թէ հայկական ուժերը կրակած են շփման գիծի տարբեր ուղղութիւններով:

«Ադրբեջանը կազմակերպում է այդ սադրանքի տեղեկատուական լեգիտիմացման (օրինականացման) կեղծ հենքը: Միջազգային հանրութեան բոլոր դերակատարները, ովքեր հետաքրքրուած են հայ-ադրբեջանական խաղաղութեան գործընթացով եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ, պէտք է շատ ուշադիր հետեւեն եւ յստակ գիտակցեն, որ հերթական անգամ Ադրբեջանը սադրանքի նախապատրաստական գործընթաց է սկսել», յայտնեց Մարուքեան։

Ըստ անոր՝ միջազգային թիրախաւորուած արձագանգը կրնայ կանխել նախապատրաստուող նոր սադրանքը: Թէ մասնաւորապէս ի՛նչ քայլերով, Մարուքեան մեկնաբանութիւն չկատարեց:

Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան եւս սահմաններուն սադրանքները չի բացառեր, ըստ անոր՝ սահմանային լարուածութիւնը միշտ կը յաջորդէ կամ կը նախորդէ բանակցութիւններուն, որոնք, ըստ անոր, այնուամենայնիւ կը շարունակուին եւ փակուղիի մէջ չեն:

«Բոլոր հնարաւոր տեղերով փորձելու են ճնշումներ գործադրել, մենք էլ բոլոր հնարաւոր տեղերում այդ ճնշումները կանխել ենք, կանխելու ենք եւ հայկական շահը, Հայաստանի պետութեան եւ Արցախի շահերն առաջ ենք տանելու: Մեր ընկալումը եւ վերաբերմունքը` մշտապէս ուշի-ուշով հետեւել ու ամէն րոպէ պատրաստ լինել որեւիցէ զարգացման, թող որեւիցէ մէկի մօտ տպաւորութիւն չլինի, որ մենք մտածում ենք, որ բոլոր հարցերը լուծուած են», նշեց Սիմոնեան:

Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ ամէն պահու կը սպասեն սադրանքի, Ատրպէյճան կը մասնակցի «Անսահման եղբայրութիւն-1» խորագիրով, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող զօրավարժութիւններուն: Բացի յադ, 2 օր առաջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ենթականերուն հրամայած էր՝ «մնայուն կերպով պատրաստ ըլլալ Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին հայկական զինուած ուժերու հնարաւոր սադրանքներու անյապաղ եւ վճռական կանխման»:

comments