«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 21 Սեպտեմբերին, Պաքուին ու Երեւանին կոչ ուղղեց՝ պահպանելու զինադադարը` առանց նշելու, թէ ո՛ր կողմը հրահրեց սահմանային լարուածութիւնը:
«Որեւէ տագնապալի իրավիճակ մեզի մտերիմ պետութիւններուն միջեւ մեզի համար լուրջ մտահոգութիւն է: Կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու, անվերապահօրէն պահպանելու զինադադարը եւ խստօրէն հետեւելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններուն», ըսաւ ան։
Հայ-ատրպէյճանական վերջին լարուածութեան մասին Փութին խօսեցաւ օտար դիւանագէտներու հաւատարմագիրներու ընդունման արարողութեան ընթացքին, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան:
Մինչ պաշտօնական Երեւան կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճան բռնագրաւած է իր տարածքէն եւս 10 քառակուսի քիլոմեթր, զինադադարի պահպանման կոչ ուղղելէն անմիջապէս ետք Փութին աւելցուց, թէ տարածքային վիճելի հարցերու լուծման բանալին մասնագիտական միացեալ աշխատանքն է՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման հարցով երկկողմ յանձնաժողովի ծիրին մէջ` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) աշխատանքին մասին Փութին ըսաւ, թէ կառոյցը միջոցներու կը ձեռնարկէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղութեամբ: Թէ ճիշդ ի՛նչ քայլեր են անոնք՝ Փութին չմանրամասնեց։
«Դիմակայութեան գօտի առաքելութիւն ուղարկուեցաւ` ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորութեամբ: Անոր յանձնարարուած է իրադրութեան ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն հիման վրայ պատրաստել առաջարկներ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին», նկատել տուաւ Փութին։
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ 30ամեայ յարաբերութիւններուն եւ ընդգծեց, որ երկու երկիրները կը շարունակեն հետեւողական քաղաքական երկխօսութիւնը: «Հայաստան մեր ամէնէն մօտիկ բարեկամը եւ ռազմավարական դաշնակիցն է: Օգտուելով առիթէն` կ՛ուզեմ շնորհաւորել եղբայրական հայ ժողովուրդը եւ երկրի ղեկավարութիւնը՝ վաղը նշուող Անկախութեան օրուան առթիւ», ըսաւ Փութին։
