Հայաստան Հերքեց Հայկական Ուժերուն Կողմէ Քարվաճառի Ուղղութեամբ Կրակելու Ատրպէյճանի Պնդումը

By Asbarez | Friday, 23 September 2022

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «21 Սեպտեմբերի լոյս 22ին գիշերը, մօտաւորապէս ժամը 2ին, հայկական ուժերը սադրիչ գործողութիւններ կատարած են Քելբաջարի (Քարվաճառ) ուղղութեամբ»:

«Ազատութիւն»ը տեղեկացուց, թէ, ըստ ատրպէյճանական պաշտպանական գերատեսչութեան, հայկական ուժերը մեծ տրամաչափի զինատեսակներով, նռնականետերով եւ ականանետերով, իբր թէ կրակ բացած են ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ: Վնասներու մասին ոչինչ նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը պնդեց, որ «հայ-ատրպէյճանական սահմանին յառաջացած հերթական լարուածութեան համար Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութիւնը կը կրէ ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:

«Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանական կողմի մեղադրանքը եւ զայն «ապատեղեկատուութիւն» որակեց:

comments