By Asbarez | Tuesday, 18 October 2022
Վարդենիսի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներու գոյութիւնը անմիջականօրէն կապ ունի Ատրպէյճանի բանակին կողմէ յաւելեալ ուժերու եւ միջոցներու տեղաշարժին եւ բացազատման հետ, որ որոշ լարուածութիւն կը յառաջացուցնէ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած այն յայտարարութեան, որուն մէջ կը նշուի, թէ 16 Հոկտեմբերի օրուան երկրորդ կիսուն նկատուած է ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներուն դէմ տեղակայուած 4 միաւոր հրետանային սարքեր:
«Հայկական կողմի քայլերը, որ իրականացուել են տուեալ գօտում ադրբեջանական հրետանային եւ զենիթային լրացուցիչ միջոցների տեղակայումից յետոյ, կրում են բացառապէս պաշտպանական բնոյթ: Հայկական կողմի գործողութիւնները իրադրութիւնը լարելու նպատակ չունեն, եւ ադրբեջանական կողմի՝ յիշատակուած միջոցները տուեալ ուղղութիւնից դուրս բերելու դէպքում, հայկական կողմը եւս դուրս կը բերի իր լրացուցիչ միջոցները: Հայկական կողմը պատրաստ է տուեալ հարցի շուրջ բանակցել», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
17 Հոկտեմբերին պաշտօնական Պաքու նաեւ հաղորդեց, թէ յաւելեալ զինուորներու եւ հրետանիներու տեղադրումով՝ Դաշքեսանի ուղղութեամբ, «տարածաշրջանին մէջ կացութեան հաւանական սրման պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ