Ազրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութիւնը ժամանակաւորապէս փակած է Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքի սկզբնամասին մէջ Հակարի գետի կամուրջին վրայ ապօրինաբար իր տեղադրած անցակէտը` պատճառաբանելով, թէ «սահմանային անցակէտի ճամբով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին պատկանող մեքենաներով տարբեր տեսակի մաքսանենգ ապրանքներ տեղափոխելու բազմակի փորձեր բացայայտուած են»:
Ըստ ազրպէյճանական կողմին, «Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի մեքենաներուն մէջ յայտնաբերուած են չյայտարարագրուած բջիջային հեռախօսներ, ծխախոտ, պենզին եւ այլ իրեր»:
Վերոնշեալ փաստերուն առիթով յարուցուած է քրէական գործ, եւ մինչեւ անհրաժեշտ քննչական միջոցառումներու աւարտը այս անցակէտով երթեւեկը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է:
Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Լաչինի անցակէտին վրայ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով փորձեր կատարուած են մաքսանենգ ճամբով հայերուն համար տարբեր տեսակի մաքսանենգ ապրանքներ տեղափոխել Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջան»:
Ըստ հաղորդագրութեան, անցակէտի գործունէութիւնը կասեցուած է, «մաքսանենգութեան բոլոր փաստերը տեղւոյն վրայ փաստագրուած են նկարահանման միջոցով»:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղղուող հայերու կողմէ տեղափոխուող ապօրինի բեռներուն մէջ եղած են մասնաւորաբար ծխախոտ, բջիջային հեռախօսներու պաստառներ, պենզին: Յարուցուած է քրէական գործ, անցակէտը փակուած է մինչեւ քննութեան աւարտը: