Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Բանակցութիւններու Շարունակման»

By Aztag Daily | Wednesday, 12 July 2023


Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու շարունակման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ համաձայնութիւնը կարելի է, եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք յառաջիկայ ամիսներուն հետագայ բանակցութիւններուն», ըսած է Միլլըր:

Այն հարցումին, թէ կը տեսնէ՞ բանակցային հոլովոյթի շարունակութիւն, ներառեալ Ուաշինկթընի մէջ, բանբերը չէ պատասխանած:

comments

Advertisement