Համաժողովրդային Խաղաղ Շարժումի Մեկնարկ` Ստեփանակերտի Մէջ

By Aztag Daily | Monday, 17 July 2023


Երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ համաժողովրդական անժամկէտ շարժման հանրահաւաք:

«Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` հանրահաւաքը սկսած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսաբար ինկածներու յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով եւ Տէրունական աղօթքով:

Հանրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հազարաւոր արցախցիներ:

Մէկ օր առաջ Արցախի դիմագրաւած օրհասական ներկայ վիճակին վերջ տալու համաժողովրդային խաղաղ շարժումի դիմելու կոչը ուղղած էր Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:

Արցախի ժողովուրդը 15 յունիսէն, երբ Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ փակած է Լաչինի միջանցքը եւ զրկած արցախցիները սահմանափակ մարդասիրական մատակարարումներէն, կանգնած  է ֆիզիքական գոյութեանը սպառնացող վտանգի առջեւ:  Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ի թղթակիցը, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի սկսած համաժողովրդական հանրահաւաքի ընթացքին այս մասին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:

«Այսօր արցախցին ոտքի կանգնած է  յայտարարելու, որ բաւ է. Ազրպէյճանն ու աշխարհը կ՛ուզեն Արցախը դարձնել զոհասեղան, որուն վրայ դրուած է մեր հայրենակիցներու, մեր երեխաներու կեանքը, եւ մենք ատիկա թոյլատրել չենք կրնար: Եթէ 12 դեկտեմբեր 2022-ին արցախցին ստիպուած էր թերսնուիլ, եթէ առողջական խնդիրներ ունեցող մեր տարեցները, երեխաները, ծնողները հարկադրուած էին անցնելու ծանրագոյն կենսական խնդիրներու ընդմէջէն, ապա 15 յունիս 2023-էն մեր ժողովուրդը կանգնեցուցած են ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգի առջեւ: Գրեթէ մէկ ամիս է, որ Արցախը կ՛ապրի ներքին պաշարներու հաշուոյն: Այդ ընթացքին բոլորիս համատեղ ջանքերով փորձած ենք իրավիճակը պահել այնպէս, որպէսզի Արցախի շրջափակման այս ծանրագոյն հետեւանքները նուազագոյն ազդեցութիւնը ունենան արցախցիին վրայ` յոյս ունենալով, որ ամէնէն կարճ ժամկէտին մէջ միջազգային հանրութիւնը, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը վճռական քայլերու կը ձեռնարկեն այս մահաբեր աղէտի ընթացքը կանգնեցնելու համար: Բայց պարզուեցաւ, որ բոլորը ընդամէնը դիտորդի կարգավիճակով կը հետեւին այդ ամբողջին», նշեց պետական նախարարը` աւելցնելով, որ այսօր իրավիճակը արդէն օրհասական է, իսկ իւրաքանչիւր վաղուան օրը պիտի ըլլայ ալ աւելի ծանր ու դժուար:

«Նորէն ձեր բոլորին անունով կ՛ուզեմ գոռալ` մենք արդէն հասած ենք համբերութեան եզրագիծին եւ այլեւս զրկանքներու հաշուոյն ի վիճակի չենք ձեզ ընձեռել քաղաքական խուսանաւումներ կատարելու կարելիութիւններ: Մենք այլեւս ի վիճակի չենք ինքնամոռաց տանջուիլ: Ի վիճակի չենք, որովհետեւ այլեւս հիւծուելու տեղ չունինք: Որովհետեւ որեւէ զիջում այլեւս մեր երեխաներու կեանքի գնով է` Արցախի 30 հազար երեխաներու կեանքի գնով: Մենք մեր երեխաներուն կեանքը երբեք սակարկութեան առարկայ պիտի չդարձնենք», շեշտեց պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:

Այնուհետեւ հանրահաւաքին մասնակիցները երթով շարժեցան դէպի Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կեդրոնը, որ կը գտնուի Արցախի Իւանեան համայնքին մէջ: Հանդիպում ունենալէ ետք հրամանատարութեան հետ, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց այդ հանդիպումէն:

Գուրգէն Ներսիսեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Ալեքսանտր Լենցովի հետ պայմանաւորուած են, որ խաղաղապահները ամէնօրեայ դրութեամբ Ռուսիոյ պատկան կառոյցներուն պիտի զեկուցեն Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը:

Պետական նախարարին համաձայն, խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութիւնը կ՛ընդունի, որ խախտուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները: «Պարտաւորուած եւ ընդունած են, որ իրենք աշխատանք ունին կատարելիք` մարդասիրական ճգնաժամը վերացնելու համար», աւելցուց Գուրգէն Ներսիսեան:

comments

Advertisement