Մոսկուա. «25 Յուլիսին Մոսկուայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան Լաւրով-Միրզոյեան-Պայրամով Բանակցութիւններ. Առանձնայատուկ Պիտի Քննարկուի Խաղաղութեան Պայմանագիրի Նախապատրաստումը»

By Aztag Daily | Wednesday, 26 July 2023


25 յուլիսին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենան եռակողմ եւ առանձին երկկողմ բանակցութիւններ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը յայտնէ, որ արտաքին գործոց նախարարները պիտի վերլուծեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան լարուածութեան մեղմացման եւ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ 9 նոյեմբեր 2020-ին, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ին եւ 31 հոկտեմբեր 2022-ին ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման գործնականացման ուղիները:

Առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստման, ինչպէս նաեւ չլուծուած հարցերու լուծումներու որոնման, ինչին Ռուսիան պատրաստ է առաւելագոյն օգնութիւն ցուցաբերել:

Նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման այլ առանցքային հարցեր, ներառեալ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի սահմանազատումը, հասարակութեան եւ փորձագէտներու հաղորդակցութիւնները եւ խորհրդարանականներու միջեւ երկխօսութեան մեկնարկը:

Պայրամովի եւ Միրզոյեանի հետ երկկողմանի զրոյցներու ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել ռուս-ազրպէյճանական եւ ռուս-հայկական օրակարգի արդիական հարցերը քաղաքական, առեւտրական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ:

comments

Advertisement