Մոսկուայի Բանակցութիւններուն Ընդառաջ Ստեփանակերտը Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերացնել Պաշարումը

By Aztag Daily | Wednesday, 26 July 2023


Մոսկուայի եռակողմ բանակցութիւններուն ընդառաջ Ստեփանակերտը կը պահանջէ անյապաղ վերացնել 40-օրեայ լիակատար պաշարումը եւ անոր հետեւանքով Արցախի մէջ սրընթաց կերպով խորացող մարդասիրական աղէտը:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պնդեց, որ այդ պայմանը ապահովելէ ետք կարելի պիտի ըլլայ անդրադառնալ տագնապի բոլոր բաղադրիչներուն եւ որոշակիօրէն բարենպաստ միջավայրի մէջ քննարկել անոնց լուծման միջոցները:

«Խստագոյնս դատապարտելի է, որ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման, կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան միջավայրի ձեւաւորման փոխարէն Արցախի հարցին մէջ Ազրպէյճանի քաղաքական օրակարգի իրականացման հիմնական գործիքներէն են Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումն ու արդէն լիակատար պաշարումը, կենսական ենթակառուցուածքներու շարունակական խափանումը եւ անթաքոյց ցեղասպանական քաղաքականութեան վարումը», յայտարարեց Արայիկ Յարութիւնեան` ընդգծելով, որ Պաքուն Արցախի մէջ կ՛իրականացնէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնք, Յարութիւնեանի գնահատումով, եռակողմ յայտարարութեան եւ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու կոպտագոյն խախտումներու անմիջական հետեւանք են:

Արցախի նախագահը շեշտեց, որ ժողովուրդը պատերազմէն ետք վերադարձած է` «հաւատալով եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած երաշխիքներուն եւ յատկապէս Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութեան»:

«9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կողմերէն կը պահանջեմ գործնական քայլերու ձեռնարկել` ապահովելու Բերձորի միջանցքի իրաւական դրութեան անյապաղ վերականգնումը եւ երաշխաւորելու Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը` առնուազն Եռակողմ յայտարարութեամբ անոր կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու շրջանակին մէջ», յայտարարեց նախագահ Յարութիւնեան եւ պնդեց. «Այդ նուազագոյն պայմանը ապահովելէ ետք կարելի պիտի ըլլայ անդրադառնալ տագնապի բոլոր բաղադրիչներուն եւ որոշակիօրէն բարենպաստ միջավայրի մէջ քննարկել անոնց լուծման միջոցները»:

comments

Advertisement