Ազրպէյճանցի Սահմանապահները Բերման Կ՛ենթարկեն Հայաստանի Քաղաքացի Մը

By Asbarez | Thursday, 03 August 2023


Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան զինուորական ծառայողները, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, երէկ` 1 օգոստոսին, «բերման ենթարկած են Հայաստանի քաղաքացի Բեգլարեան Ռաշիտը (ծնեալ` 1962-ին)»:

Ըստ Պաքուի, քաղաքացին «խախտած է» ազրպէյճանական-հայկական պետական սահմանը Բերձորի շրջանի Աղաւնոյ (Զապուխ) գիւղի տարածքով անցնող հատուածին մէջ:

Հայկական կողմը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն տարածեց` նշելով, որ ան 2020-ի պատերազմին պատճառով տեղահանուած է Շուշի քաղաքէն, իսկ վերջին օրերուն կը գտնուէր Շուշիի շրջանի Հին շէն գիւղին մէջ:

«Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, մոլորուելու պատճառով ան ինկած է ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ», կը նշէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

comments

Advertisement