Ճատրակի Հայաստանի Հաւաքականը Ջախջախած է Թրքական Խումբը

By Panorama | Saturday, 09 January 2010

ՊՈՒՐՍԱ, <Փանորամա»>.- Թրքական Պուրսա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային առաջնութեան 3րդ փուլին ընթացքին՝ Հայաստանի հաւաքականը 3.5:0.5 հաշուով ջախջախած է Թուրքիոյ ընտրանին:

Հաշուետու փուլին ընթացքին ատրպէյճանցիները 1.5:2.5 հաշուով պարտուած են հնդիկներէն, իսկ ռուսերը, իրենց կարգին՝ 3:1 հաշուով յաղթած են ամերիկացիներուն: Իբրեւ արդիւնք մրցաշարային աղիւսակին վրայ միաժամանակ 6 հաւաքականներ, որոնց մէջ է նաեւ Հայաստանի ազգային խումբը, 4 նիշով տեղ գրաւած են առաջատարներու խումբին մէջ: Անհատական կարգով Հայաստանի ընտրանին 7.5 նիշով գլխաւորած է մրցաշարին աղիւսակը:

 

comments

Advertisement