Քարլ Պարտագեան՝ Հայաստանի Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

By Asbarez | Thursday, 02 February 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմՍփորթ».- Հայաստանի պասքեթպոլի դաշնակցութեան խորհուրդին որոշումով, տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուած է Քարլ Պարտագեան, որուն գլխաւորութեամբ Լոս Անճելըսի խումբը դարձաւ 2011ի Համահայկական խաղերու յաղթող: ՀՊԴն նկատի առած է Պարտագեանի կողմէ Համահայկական խաղերուն ընթացքին ցուցաբերուած դրական արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեռք բերուած հարուստ փորձառութիւնը:

Քարլ Պարտագեանի գլխաւորութեամբ Հայաստան պիտի պատրաստուի ամրան կայանալիք Եւրոպայի Սի. խումբի առաջնութեան: Պասքեթպոլի դաշնակցութիւնը յոյս ունի, որ Պարտագեան պիտի յաջողի համախմբել հայ լաւագոյն պասքեթպոլիստները եւ հասնիլ դրական արդիւնքի:

Յիշեցնենք, որ 2011ի ամրան եւրոպական պասքեթպոլի խաղերուն Հայաստանը ներկայացած էր մինչեւ 16 տարեկաններու մրցումին, ուր հայ պատանիները 6րդն էին Պի. խումբի 23 մասնակիցներու շարքին, ինչ որ բացառիկ արդիւնք էր հայկական պասքեթպոլի պատմութեան մէջ: Նախապէս՝ 2010ին, Հայաստանի կիներու ազգային հաւաքականը դարձաւ Եւրոպայի Սի. խումբի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր, իսկ 2009 եւ 2010ին Եւրոպական բաժակի  խաղարկութեան մասնակցեցաւ Երեւանի «Հատիս»ը:

comments