Փութին Նպատակայարմար Չի Գտներ Ղարաբաղի Հարցը Կապել

By Armen Press | Thursday, 14 January 2010

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Մոսկուայի մէջ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ նպատակայարմար չի գտներ մէկ փաթեթով ներկայացնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը եւ հայ-թրքական յարբերութիւններու կարգաւորումը:

«Նկատի առնելով, որ ղարաբաղեան եւ հայ-թրքական խնդիրները իւրաքանչիւրը առանձինն շատ բարդ է, ճիշտ չեմ գտներ անոնց շաղկապումը միեւնոյն փաթեթի մէջ:

Իսկ եթէ մենք երկուքը մէկ խումբի մէջ հաւաքենք, ապա լուծման հեռանկարը ինքնաբերաբար աւելի կը հեռացնենք», յայտնած է Փութին, աւելցնելով, որ Ռուսիան պատրաստ է ամէն կերպով աջակցելու երկու խնդիրներու լուծման:

comments