Ղարաբաղի Բանակցութիւններում Առանցքային է Կարգավիճակի Հարցը

By Asbarez | Monday, 06 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յուլիս 6ին Երեւանի մէջ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիասի հետ կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային պրոցեսում նոր զարգացումներ չկան, եւ մենք մեր մօտեցումները, բնականաբար, չենք փոխել։ Մի բան ակնյայտ է, բոլոր ներգրաւուած կողմերը գիտեն, որ խնդրի կարգաւորման առանցքային հարցը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցն է»։ Ան նշած է, որ որեւէ լուծում չի կրնար կենսունակ եւ իրագործելի ըլլալ, եթէ անիկա չարժանանայ ԼՂ ժողովուրդի հաւանութեան։

Ս. Սարգսեանը ԼՂ բանակցային գործընթացի առնչութեամբ նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանը չէ փոխած իր դիրքորոշումը խնդրի լուծման վերաբերեալ՝ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի առանց ուժի կիրառման, բանակցութիւններու միջոցով՝ միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ։
Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ յայտարարած է, թէ Կիպրոսի հանրապետութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանին ԼՂ լուծման հարցին մէջ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս եւ միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ։

Խնդրի լուծումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով լուծելու հաւանութեան մասին երկու երկիրներու նախագահները ընդգծած են նաեւ երէկ տարածած համատեղ յայտարարութեան մէջ։

 

comments

Advertisement