By Asbarez | Tuesday, 26 January 2010

ԵՐԵՒԱՆ.- <<Փանորամա>> լրատուական ծառայութիւնը, վկայակոչելով <<բանակցային գործընթացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն>> մէկէն ստացած տեղեկութիւնը՝ կը յայտնէ, թէ Սոչիի մէջ, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ընթացքին քննարկուած է փաստաթուղթ մը, որուն ներածականին մէջ ամրագրուած է Ղարաբաղի մասնակցութեան հրամայականը՝ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութեանց հետագայ փուլին:
Յայտնենք, որ երեք նախագահներուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի օր: Հանդիպման աւարտին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Սարգսեան-Ալիեւ-Մետվետեւ հանդիպումին ընթացքին երեք նախագահները <<ընդհանուր ըմբռնման>> հասած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման հիմնական սկզբունքներուն վերաբերող փաստաթուղթի ներածականին գծով:
<<Արմէնփրէս>>, Լաւրովի յետ-հանդիպում ասուլիսը վկայակոչելով՝ կը յայտնէ, թէ <<Տարաձայնութիւնների առարկայ հանդիսացող բաղադրիչների վերաբերեալ կողմերը բանակցութիւնների ապագայ փուլերի համար կը պատրաստեն իրենց առաջարկներն ու ձեւակերպումները>>:
Ըստ <<Փանորամա>>ի աղբիւրին, քննարկուած փաստաթուղթի ներածականին մէջ ամրագրուած է նաեւ <<հակամարտութեան կարգաւորման գործում ազգերի ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթութիւնը>>:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, անդրադառնալով Սոչիի եռակողմ հանդիպման՝ յայտնած է, որ նախագահները քննարկած են <<այն յստակ առաջարկները, որոնք ներկայացուած էին Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ>>:
Նախարար Լաւրով, իր երէկուան ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, թէ երեք նախագահներն ալ օգտակար նկատած են Մինսկի խումբի համանախագահներուն մշակած փաստաթուղթին գոյութիւնը, որովհետեւ անոր հիման վրայ կարելի է վարել խօսակցութիւնը, ոչ թէ <<վերացականօրէն, այլ՝ շաղկապելով յստակ ձեւակերպումներու>>:
<<Այսօր գլխաւոր արդիւնքը դարձաւ այն պայմանաւորուածութիւնը, որ, թէեւ կան բաղադրիչներ, որոնց շուրջ կողմերը համաձայնութեան չեն հասած, սակայն կողմերը այդ բաղադրիչներուն վերաբերեալ կը պատրաստեն իրենց յստակ առաջարկներն ու ձեւակերպումները, որոնք կ՛ընդգրկուին նշեալ ներածականի բնագրին մէջ>>, յայտնած է Լաւրով:
Նախարարը մերժած է պատասախանել փաստաթուղթին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պահանջող հարցումներուն:
Նշենք, որ երեք նախագահներուն հանդիպումը կայացած է երկու փուլով: Առաջինին մասնակցած են միայն նախագահները, իսկ երկրորդ փուլին՝ անոնց միացած են երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ <<Սոչիի հանդիպումը Հայաստանի հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի նախագահների միջեւ 2010թ. առաջին շփումն է եւ չորրորդը՝ նման ձեւաչափով՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մասնակցութեամբ: Հայաստանի հանրապետութիւնը բարձր է գնահատում Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի միջնորդական հետեւողական ջանքերը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը>>:
Սոչիի մէջ նախատեսուած էր նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու առանձին հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովի, Պեռնար Ֆասիէի եւ Ռապըրթ Պրատթքիի հետ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ