By Asbarez | Tuesday, 14 February 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամակցելու դիմում ներկայացուցած է: Այս մասին կը նշուի Փետրուար 14ին Օսկանեանի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
«Երէկ ես դիմում եմ ներկայացրել Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեանն անդամակցելու համար: Այդ որոշումը կայացրել եմ, քանի որ համոզուած եմ, որ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, այլ քաղաքական ուժերի հետ միասին, կարող է քաղաքական մրցակցութեան շնորհիւ ապահովել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, հետեւաբար նաեւ նոր խորհրդարան՝ քաղաքական ուժերի նոր դասաւորութեամբ», յայտնած է Վարդան Օսկանեան:
Ան նշած է, թէ իբրեւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ՝ տարբեր առիթներով պարբերաբար արտայայտած է իր տեսակէտները Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն վերաբերեալ: «Այսօր գտնում եմ, որ ժամանակն է, որ աւելի ակտիւ մասնակցութիւն ունենամ երկրի քաղաքական գործընթացներին», ընդգծած է ան:
Նախկին նախարարին յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, թէ նկատի առնելով, որ կրնայ յառաջիկային Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամակցիլ, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդը յառաջիկայ օրերուն որոշում պիտի տայ հիմնադրամին մէջ իր հետագայ կարգավիճակին գծով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ