Սլովաք Ղեկավարը Արցախը Ժողովրդավարական Բացառիկ Երկիր Կը Նկատէ

By Asbarez | Tuesday, 14 February 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի անդամներ, գործարարներ եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ. այս մասին խօսելով՝ Փետրուար 14ին կայացած ասուլիսին ընթացքին Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի առաջին նախագահ Ֆրանդիշեգ Միկլոշկօ նշեց, որ վերջին տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղը նշանակալից յառաջընթաց արձանագրած է  ժողովրդավարութեան բնագաւառին մէջ: «Երկու տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղում էի՝ որպէս ընտրութիւնների դիտորդ, ինչից յետոյ յայտարարել եմ, որ ընտրութիւնները բացարձակ ազատ եւ արդար էին», նշեց Միկլոշկոն:

Անոր համաձայն, 20 տարիէ ի վեր այդ պետութիւնը ճանչցուած չէ, սակայն միայն անգամ մը հոն գտնուելով արդէն պարզ կը դառնայ, որ երկիրը ոչ մէկ ձեւով կ՛ընդունի ոչ-անկախ ըլլալ: «Լեռնային Ղարաբաղը կը գոյատեւէ եւ կ՛ապրի այնպէս, ինչպէս որեւէ անկախ երկիր: Միջազգային կազմակերպութիւնները պարտաւոր են օգնելու Ղարաբաղի նման բացառիկ ժողովրդավարական երկրի մը», շեշտեց Միկլոշկօ:

Ան բարձր գնահատեց նաեւ այն, որ Լեռնային Ղարաբաղը հարազատ կը մնայ իր քրիստոնէական արմատներուն եւ պատրաստ է մինչեւ վերջ պայքարելու: «Զարմանալի է, որ քրիստոնէական Եւրոպան մոռցած է իր արմատները: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը գրուին նոր Եւրոպայի օրէնքները», նշեց Միկլոշկօ:

comments