Իրան Եւ Հայաստան Համաձայնութիւն Կը Կնքեն

By Armen Press | Thursday, 28 January 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռատիօ>>, <<Արմէնփրէս>>.- Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուչեհր Մոթթաքիի մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած Հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին կնքուեցաւ փոխգործակցութեան համաձայնագիր մը՝ երեք մեծ ծրագիրներու շուրջ:

Երկու երկիրներուն միջեւ երեք տնտեսական ծրագիրներն են՝ Մեղրիի ջրելեկտրակայանի, Հայաստան-Իրան երկաթուղային ճանապարհի եւ կազամթերք տեղափոխող խողովակաշարի շինարարութիւնները։

Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Մոթթաքին ու ողջունած անոր այցելութիւնը Հայաստան։

<<Դուք լաւ գիտէք, թէ մենք ինչպիսի կարեւորութիւն ենք տալիս Իրանի Իսլամական հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններին. գիտէք, որ մենք ձեզ ընկալում ենք որպէս վստահելի գործընկեր եւ տարածաշրջանում առանցքային նշանակութիւն ունեցող երկիր: Ուստի, երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացումը, խորացումը բխում է մեր շահերից>>, յայտնած է Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեան եւ ընդգծած՝ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ բարձր մակարդակի երկխօսութեան եւ խորհրդատուութիւններուն կարեւորութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին գոհունակութիւն յայտնած է միջկառավարական յանձնաժողովի երեւանեան նիստին քննարկուած խնդիրներուն եւ կայացած որոշումներուն ուղղութեամբ, որոնք ուղղուած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ նախապէս ձեռք բերուած քաղաքական համաձայնութիւններու իրագործման:

Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական բազմաբովանդակ յարաբերութիւնները խորացնելու միտող առկայ քաղաքական կամքը, եւ նշուած է, թէ երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը հազարամեակներու հարուստ պատմութիւն եւ զարգացման մեծ հեռանկարներ ունի:

Կողմերը նաեւ անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հայկական նախաձեռնութեան, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հրատապ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն ու հեռանկարներուն:

Նոյն օրը, Մանուչեհր Մոթթաքի հանդիպած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Անոնք գոհունակութեամբ նշած են, թէ պարբերական բարձր մակարդակի շփումներն ու փոխադարձ այցերը կը վկայեն Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր: Կողմերը նաեւ վստահութիւն յայտնած են Հայ-իրանական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 9րդ նիստի արդիւնաւէտ ըլլալուն ուղղութեամբ:
Նախարարները անդրադարձած են արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին ուղղութեամբ վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերու:

comments

Advertisement