Թուրքիա Դէմ Է Արձանագրութիւնները Փոփոխութեան Ենթարկելու

By Hurriyet | Tuesday, 02 February 2010

ԼՈՆՏՈՆ, <<Հիւրրիյէթ>>.-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուրբաթ, Յունուար 29ին կրկնեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրու թիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին մէջ շարք մը կէտեր գործընթացի հիմնական գաղափարին դէմ են եւ սահմանափակումներ կը պարտադրեն արձանագրութեան վրայ:

Հիլըրի Քլինթըն Լոնտոնի մէջ Էդուարդ Նալբանդեանին անգամ մը եւս հաւաստիացուց, որ ԱՄՆը կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կանոնաւորման աշխատանքներուն:

Նախարարը պնդեց, թէ Հայաստանի ներքին հարցերը պէտք չէ իրենց ազդեցութիւնը ունենան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին վրայ:

Տաւութօղլու աւելցուց, թէ ան Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, Հինգշաբթի օր արծարծած է Թուրքիոյ մտահոգութիւնները մանրամասնօրէն, պահանջելով, որ դատարանին որոշումով գոյացած անորոշութիւնները վերցուին:

<<Այս դժուար գործընթացը առաջ մղելու նպատակով, Նալբանդեանի հետ աշխատեցանք տարբեր հանգրուաններու ընթացքին: Կան տարակարծութիւններ, սակայն մեզ մինչեւ հոս հասցուցած գործընթացը պէտք չէ վնասուի անոնց պատճառով>>, ըսաւ թուրք նախարարը՝ աւելցնելով, թէ գործընթացը առաջ մղելու նպատակով հարկաւոր է քաղաքական կամք:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Հինգշաբթի օրուան հանդիպումէն ետք խոստացան շարունակել խորհրդակցութինները, սակայն Ուրբաթ օր, Երեւանի կողմէ հերքուեցան թրքական մամուլին մէջ տարաձայնուած այն տեղեկութիւնները, թէ՝ երկու նախարարներուն միջեւ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ, Միւնիխի մէջ:

Տաւութօղլու Լոնտոնի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ:

comments