By Asbarez | Monday, 08 February 2010
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն՝ ծովակալ Տենիս Պլեր, Փետրուար 2ին ներկայացուցած <<Միացեալ Նահանգներու դէմ ծառացած ներկայ եւ ապագայ վտանգներ>> նիւթով զեկոյցին մէջ, Ծերակոյտի գաղտնի սպասարկութեանց հարցերով զբաղող յանձնախումբին յայտնած է, թէ <<Կովկասի մէջ չլուծուած հարցերը Եւրասիոյ շրջանին մէջ ամէնէն հաւանական տագնապի օճախները կը նկատուին>>։
Ըստ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի լրատու գործակալութեան (ԱՓԱ) լրագրողին, Պլեր նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին։ Ան յայտնած է, որ <<Թէեւ անցեալ տարուան ընթացքին Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման ուղղութեամբ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, ատիկա ազդած է (ժխտականօրէն) Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նուրբ յարաբերութեան վրայ, եւ աճեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վերանորոգ տագնապի մը վտանգը>>, հաւանական դարձնելով պատերազմ մը երկու երկիրներուն միջեւ:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, Ամերիկայի հետազօտական կեդրոններէն մէկը՝ <<Սթրաթֆոր>>ը, հանդէս եկած էր նման զգուշացնող վերլուծութեամբ, ազդարարելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ