Պան Քի Մուն Կը Յորդորէ Արցախի Հարցով Դիմել ԵԱՀԿին

By Asbarez | Monday, 08 February 2010

ՊԱՔՈՒ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 4ին, պատասխանելով ատրպեճանական <<Թրենտ>> լրատու գործակալութեան այն հարցումին, թէ՝ ինչո՞ւ Հայաստան կ՛անտեսէ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ ՄԱԿի չորս բանաձեւերը, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնած է, թէ ՄԱԿը անմիջականօրէն չի մասնակցիր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման գործընթացին։

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը դիւանագիտօրէն նշած է, որ այդ գործընթացին մէջ առաջատար դերակատարութիւն ունի ԵԱՀԿը, եւ հակամարտութեան վերաբերեալ որեւէ հարցում պէտք է ուղղել այդ կազմակերպութեան։

comments