Ղարաբաղի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ՝ Մայիս 23ին

By Hedq | Monday, 08 February 2010

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Հետք>>.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 5ին ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2010ի Մայիս 23ին:

Յիշեցնենք, որ այս խորհրդարանական ընտրութիւններուն 33 պատգամաւորներէն 17ն պիտի ընտրուի համամասնական, իսկ 16ը՝ մեծամասնական ընտրակարգով:

Նոյն օրը, մասնակցութեամբ ԼՂՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սերգէյ Նասիբեանի, Ղարաբաղի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները քննարկած են ընդունուած <<ԼՂՀ ընտրական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին>> օրէնքին նախագիծը:

Լսումներուն ժամանակ տեղեկացուած է նաեւ, որ նուազած է կուսակցութիւններուն՝ խորհրդարան մտնելու համար սահմանուած ձայնին տոկոսը։ Նախապէս խորհրդարան մտնելու համար կուսակցութիւնը պէտք է հաւաքէր 10 տոկոս ձայն, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 15: Այժմ, խորհրդարանական ընտրութուններուն իբրեւ արդիւնք, կուսակցութիւն մը ԱԺ կրնայ մտնել առնուազն 5 տոկոս ձայնով, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 7 տոկոս: Այս փոփոխութեամբ, ըստ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի աւելի ներկայացուցչական խորհրդարան մը ունենալու:

comments