Նախագահ Սարքոզի Ցեղասպանութեան Ուրացումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Պիտի Խմբագրէ

By Asbarez | Tuesday, 28 February 2012

ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի սահմանադրական Խորհուրդի ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հակասահմանադրական նկատելու որոշումէն բաւարարուած չըլլալով, նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յանձնարարած է իր կառավարութիւն մշակել օրինագիծի նոր խմբագրուած տարբերակ մը, զայն դարձեալ ներկայացնելու համար Ֆրանսայի Ծերակոյտին:

Նշենք, որ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Հրակ Վարժապետեան, Սահմանադրական Խորհուրդի որոշումը նկատելով »անյարիր«, յայատարարած է, որ ֆարանսահայութիւնը պիտի շարունակէ պայքարը ի խնդիր ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու:

comments