Սարգսեան՝ Ղարաբաղ Երբեք Մաս Չէ Կազմած Անկախ Ատրպէյճանին

By Asbarez | Friday, 12 February 2010

ԼՈՆՏՈՆ.- Չորեքշաբթի օր, եռօրեայ պաշտօնական այցով Անգլիա գտնուող Հայաստանի նախագահը, Մեծն Բրիտանիոյ Միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հիմնարկութեան՝ Չաթեմ Հաուզի մէջ ունեցած է «Անվտանգութիւնն ու արժէքները Հարաւային Կովկասի մէջ» վերնագրով ելոյթ մը, որուն մէջ անդրադարձած է երեք գլխաւոր հարցերու՝ Ղարաբաղեան հիմնախնդրին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեսած իր այս ելոյթի ընթացքին, նախագահ Սարգսեան յայտնած է, որ Ղարաբաղ երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ատրպէյճանին եւ նոյն Ատրպէյճանի նման, հասաւար իրաւունքով, անկախացած է Խորհրդային Միութենէն:

Հայ-թրքական արձանագրութեանց վաւերացման գործընթացին մասին խօսելով, նախագահ Սարգսեան յայտնած է, որ Հայաստան պիտի չըլլայ վաւերացումը տապալող կողմը եւ ինք, իր այս ելոյթէն անմիջապէս ետք, պիտի յանձնարարէ իր աշխատակիցներուն, որ արձանագրութիւններու փաթէթը ուղարկեն Հայաստանի Ազգային Ժողով: Նախագահը այսուհանդերձ յստակացուց, որ Հայաստանի Ազգային Ժողովը, ըստ երկկողմանի պայմանաւորուածութեան, արձանագրութիւնները պիտի վաւերացնէ Թուրքիոյ Խորհրդարանին կողմէ անոնց վաւերացումէն ետք:

Հայկական Ցեղասպանութեան անդրադառնալով՝ «հայերս, որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ, բարոյական պարտք ունենք մարդկութեան եւ պատմութեան առջեւ ցեղասպանութիւնների կանխարգելման հարցում», յայտնած է նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեանի ելոյթը Չաթեմ Հաուզի մէջ կը ներկայացնենք առանձին փոքր հապաւումներով (տե՛ս էջ 9):

Նախագահի ելոյթէն առաջ Միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հիմնարկութեան շէնքի առջեւ բողոքի ցոյց կատարած են խումբ մը ազերիներ: Երեքշաբթի երեկոյեան Սերժ Սարգսեանը այցելած է ժամանակակից արուեստի «Թէյթ» թանգարան, ուր բացուած է ամերիկացի յայտնի նկարիչ, ծագումով հայ Արշիլ Գորկիի ցուցահանդէսը:

comments