By Armen Press | Friday, 12 February 2010

ԱՆԳԱՐԱ, <<Արմէնփրէս>>.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ պատասխանած է Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Թուրքիոյ օդային տարածքով Մեծն Բրիտանիա թռչելու ընթացքին յղած ուղերձին:
Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած պատասխան նամակին մէջ Կիւլ կը գրէ. <<Գոհունակութեամբ կ՛ընդունեմ ուղերձի միջոցով Ձեր արտայայտած միտքերը: Համամիտ եմ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ մեր երկկողմանի ջանքերը, խաղաղութեան նոր յոյս արթնցնելով հակամարտութիւններով յագեցած մեր տարածաշրջանին մէջ՝ արդարացիօրէն միջազգային հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն:
Դրացի մեր ժողովուրդներու միջեւ երկարամեայ նախապաշարումներու յաղթահարումը, փոխադարձ ըմբռնողութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, ըստ էութեան, կը ձեւաւորեն մեր երկու երկրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը սատարող գլխաւոր նպատակները: Կրնաք չկասկածիլ, որ քանի դեռ այս մտադրութեան ու պարտաւորութիւններու փոխադարձութիւնը կը պահպանուի, այդ ձգտումները յառաջ տանելու հարցին գծով մեր հաստատակամութիւնը չի պակսիր: Նաեւ համամիտ եմ, որ պատասխանատուութիւն ստանձնած կառավարութիւնը պարտաւոր է տրուած խոստումները վերածելու գործի:
Այս ակնածանքով ալ մենք պիտի շարունակենք յառաջ տանիլ բնականոնացման գործընթացը դէպի մեր երկիրներու միջեւ ձեռք բերուելիք միասնական ընկալում: Պէտք է գիտակցինք, որ պատմական նշանակութիւն ունեցող այս գործընթացը իր աւարտին հասցնելու, եւ մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները լիարժէքօրէն կատարելու համար, բաւականաչափ քաղաքական համարձակութիւն եւ տեսլական ցուցաբերել կարենալու անհրաժեշտութիւն կայ:
Մեր ընդհանուր նպատակը տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար յարատեւ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն, բարեկեցութիւն եւ համագործակցութիւն բովանդակող ապագայ կերտելն է: Պիտի շարունակեմ առկայ գործընթացով զբաղիլ անձամբ՝ մեր երկիրներուն համար գոհացուցիչ արդիւնքի հասնելու յոյսով>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ