Պաքինկհամ Պալատին Մէջ Եղիսաբէթ Բ.ը Կը Հիւրընկալէ Սարգսեանին

By Asbarez | Friday, 12 February 2010

ԼՈՆՏՈՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ, Լոնտոնի Պաքինկհամ պալատին մէջ հիւրընկալուած է Եղիսաբէթ երկրորդ թագուհիին կողմէ:

Հանդիպման ընթացքին, նախագահ Սարգսեան եւ Եղիսաբէթ թագուհին քննարկած են հայ-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման հեռանկարները, Եւրոպական հասարակարգին Հայաստանի ներգրաւման գործընթացը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող խնդիրներ:

Այնուհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր իջեւանած լոնտոնեան հիւրանոցին մէջ ընդունած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Միլիպենտի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացին առնչուող խնդիրներ: Ապա, Ուինտզորեան պալատին մէջ կայացած է Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի հանդիպումը արքայազն Չարլզի հետ:

Սերժ Սարգսեան ներկայ եղած է արքայազն Չարլզի եւ Հայաստանի հանրապետութեան նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեանի կողմէ նախաձեռնուած <<Երեւան՝ իմ սէր>> նախագիծի մեկնարկը ազդարարող ընդունելութեան եւ անոր յաջորդած համերգին՝ աշխարհահռչակ խմբավար Վալերի Գերգիեւի ու մեցցոսոփրանօ Դարիգա Նազարբաեւայի մասնակցութեամբ:

Ինչպէս նշած էինք, «Երեւան՝ իմ սէր>> նախագիծով կը նախատեսուի վերանորոգումը Երեւանի կեդրոնը գտնուող պատմական-ճարտարապետական կարեւոր արժէք ունեցող չորս շինութիւններու, որոնք Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի հոգածութեամբ կը ծառայեն մեր հասարակութեան խոցելի խաւերուն ու օժտուած երեխաներուն:

Արքայազն Չարլզի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակցած են նաեւ աշխարհի տարբեր գաղթօճախներէ՝ այդ առիթով Լոնտոն ժամանած բազմաթիւ հայեր:

Նախագահ Սարգսեան Լոնտոնի մէջ նաեւ առանձին հանդիպում ունեցած է իր աշխատանքային այցելութեան կապակցութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաք ժամանած հայ գործարարներու եւ հասարակական գործիչներու հետ: Նախագահ Սարգսեան անգնահատելի համարած է Հայաստանի հանրապետութեան ու Արցախի տնտեսական յառաջդիմութեան, Մայր հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն մէջ հայապահպանութեան գործին անոնց բերած ներդրումը:

comments

Advertisement