By Asbarez | Monday, 05 March 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 3 Մարտին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցած է նոյն օրը Ստեփանակերտ հասած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքին (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Պոպովին (Ռուսիա) եւ Ժագ Ֆորին հետ (Ֆրանսա): Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեան։
Հանդիպումէն առաջ Բակօ Սահակեան շնորհաւորած է Ժագ Ֆորը՝ համանախագահ նշանակուելու համար, մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք։
Այնուհետեւ կողմերը քննարկած են ատրպեճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ հանգրուանին ու յառաջիկային վերաբերող հարցեր։ Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին՝ նախագահ Սահակեան հաստատած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը նոյնը կը մնայ։ Ան դիտել տուած է, որ բանակցային գործընթացը առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան կայացնելով՝ անկարելի է հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման հասնիլ։ Նախագահը շեշտած է, որ Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան պարագան ոչ մէկ ձեւով քննարկումի առարկայ կրնայ դառնալ։
Արծարծուած են նաեւ Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցող ապահովական կացութեան առնչուած հարցեր։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ