By Asbarez | Monday, 05 March 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վլատիմիր Փութինի Ռուսիոյ նախագահ ընտրուելով՝ Ռուսիա ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ կը պահպանէ վերջին շրջանի «կարեւոր» դերակատարութիւնը, յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։
«Կարծում եմ, որ բանակցութիւնները շարունակուելու են: Այլընտրանք չկայ բանակցութիւններին: Բանակցային խաղաղ գործընթացը դա ընտրութիւնն է Հայաստանի եւ նաեւ աջակցւում է եռանախագահների կողմից ամենաակտիւ ձեւով», նշած է նախարարը։ Ան աւելցուցած է. «Վերջին շրջանին կարեւոր դեր է ունեցել յատկապէս Ռուսաստանը եւ վստահ եմ, որ այդ դերը կը պահպանուի նաեւ ապագայում»:
Յիշեցնենք, որ Տմիթրի Մետվետեւի նախագահութեան տարիներուն պաշտօնական Մոսկուան ստանձած էր ղարաբաղեան հարցին մէջ ամէնէն աշխոյժ միջնորդի դերը։ Արդարեւ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կողմէ տեղի ունեցող բանակցային գործընթացին զուգահեռ, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ եռակողմանի հանդիպումներ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ