Նալբանդեան Գոհունակութիւն Կը Յայտնէ Ղարաբաղի Հարցով ԵՄի Մօտեցման Գծով

By Asbarez | Monday, 05 March 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն». – Փրակի մէջ  Էդուարդ Նալբանդեանը հանդիպում ունեցած է Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են 6 Մարտին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ունենալիք հանդիպումները։ Անոնք անդրադարձած են Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն մերձեցման գործընթացին՝ գոհունակութիւն յայտնելով արձանագրուած յառաջընթացի առնչութեամբ: Նախարար Նալբանդեանն ու յանձնակատար Ֆիւլէն միտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման վերջին զարգացումներուն շուրջ:

Օրակարգին վրայ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքներն ու երկրին մէջ տեղի ունեցող բարեկարգումներուն գործընթացը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ արձագանգելով ԵՄ խորհուրդի կողմէ Հարաւային Կովկասի գծով որդեգրուած փաստաթուղթին՝ նշած է, որ անիկա փաստ է Հայաստանի եւ ԵՄ դիրքորոշումներուն մէջ առկայ ընդհանրութիւններուն եւ համագործակցաբար ձեռնարկուելիք քայլերուն։

Խօսելով նոյն փաստաթուղթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող հատուածին մասին՝ Էդուարդ Նալբանդեան ըսած է. «Ողջունում ենք Եւրոպական Միութեան մօտեցումն՝ ի աջակցութիւն Մինսկի խմբի համանախագահների հիմնախնդրի կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերին»:

Նախարարական հանդիպումի ծիրին մէջ Էդուարդ Նալբանդեանն ու ԵՄի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն միտքեր փոխանակած են Հայաստան- ԵՄ եւ տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ:

Նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Պաէտի հետ: Անոնք քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնիի հետ Էդուարդ Նալբանդեանը քննարկած է Հայաստանի նախագահին Հունգարիա տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ կնքուած համաձայնութիւններու գործադրութեան ընթացքը։

comments