Օպամա Եւ Կիւլ Կը Քննեն Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւնները

By Asbarez | Wednesday, 08 July 2009

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Վաթան» օրաթերթը իր Երկուշաբթի, Յուլիս 6ի թիւով հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Կիրակի երեկոյեան հեռաձայնով զրուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հետ՝ քննելով ապահովական եւ շրջանային շարք մը հարցեր:

Քաղաքական աղբիւրներ յայտնած են, թէ Կիւլ եւ Օպամա խօսած են եւրոպական երկիրներէն եւ հիւսիսային Իրաքէն Քրտական բանուորական կուսակցութեան շարք մը ղեկավարներու արտահանման հարցին մասին եւ արծարծած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութեանց հարցը։

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ըստ Սպիտակ տան, երկու ղեկավարները քննած են իսլամական երկիրներու հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները, Կովկասի մէջ կացութիւնը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Կիւլ շնորհակալութիւն յայտնած է իսլամական աշխարհին հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութեանց վերաբերեալ՝ Գահիրէի մէջ վերջերս Օպամայի արտասանած ճառին համար:

Յատկանշական է, որ զրոյցը տեղի ունեցած է Օպամայի Ռուսիա ճամբորդութենէն անմիջապէս առաջ:
Աւելի ուշ, «Հիւրրիյէթ» թերթը հաղորդեց, թէ Օպամայի հետ Կիւլի անակնկալ հեռախօսազրոյցին ընթացքին, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բնականոնացնելու բանակցութիւնները եղած են քննարկման հիմնական նիւթը:

Թերթը նաեւ գրած է, որ Կիւլը Օպամային տեղեկացուցած է անցեալ Ուրբաթ օր իր եւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին տպաւորութիւնները:

Քննուած են նաեւ «Նապուքօ» կազատարի նախագիծին հետ կապուած նորագոյն զարգացումները:

Յայտնենք, թէ Օպամա Երկուշաբթի օր ժամանեց Մոսկուա, ուր Մետվետեւի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ երկու երկիրներն ալ պատրաստ են նոր էջ մը բանալու իրենց յարաբերութեանց պատմութեան մէջ: Երկու նախագահները նախնական համաձայնութիւն մը գոյացուցին՝ իւրաքանչիւրը իր երկրին հիւլէական զէնքերը 1500 հատով նուազեցնելու շուրջ։

Իր կարգին, Մետվետեւ յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա աւելի շատ հասարակաց կէտեր ունին քան տարակարծութիւններ»։

comments

Advertisement