By Asbarez | Monday, 22 February 2010
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ատրպեճանական մամլոյ գործակալութիւնը (ԱՓԱ), վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ Էլտար Սապիրօղլուի խօսքերը՝ հաղորդած է, թէ Յունուար 18ին, ղարաբաղեան կողմը խախտած է հրադադարը, եւ սահմանագիծի վրայ, Թարթար շրջանի Կապանլի գիւղին մօտ, տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, որուն հետեւանքով 3 ատրպէյճանցի զինուորներ մեռած են, 2 ուրիշներ՝ վիրաւորուած: Սապիրօղլու յայտարարած է նաեւ, թէ հայկական կողմը աւելի մեծ թիւով կորուստներ ունեցած է:
Նշեալ դէպքին կապակցութեամբ, ատրպեճանական կազմակերպութիւններէն մէկը՝ <<Ղարաբաղի Ազատագրութեան կազմակերպութիւնը>>, երէկ յայտարարած է, թէ պատերազմը, առանց վարանելու, պէտք է օր առաջ սկսիլ:
Միւս կողմէ, <<Ղարաբաղեան կողմը պահպանում է հրադադարի ռեժիմ>>, երէկ <<7օր>>ի թղթակիցին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հանրային կապերու վարչութեան պետ Սենոր Հասրաթեանը՝ նշելով, որ ատրպեճանական կողմը պարբերաբար կը խախտէ հրադադարը, սակայն ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը կը լռեցնէ զայն:
<<Բայց, ի տարբերութիւն միւս օրերի, երէկ աւելի հանգիստ է եղել>>, յայտնած է Ս. Հասրաթեան՝ աւելցնելով, որ ղարաբաղեան կողմը ոչ մէկ կորուստ ունեցած է:
<<Զոհուածներից մէկը լեզգի է, մէկը՝ աւար, միւսը՝ թալիշ>>, յայտնած է Հասրաթեան՝ այդ պարագան իբրեւ խօսուն փաստ համարելով ատրպէյճանցիներուն կողմէ ազգային փոքրամասնութիւնները ճնշման ենթարկելու տեսակէտին:
«Հարց է առաջանում, թէ նրանք ինչպէ՞ս են զոհուել: Ամենայն հաւանականութեամբ, դա միջանձնային փոխյարաբերութիւնների արդիւնք է, որը յաճախ է տեղի ունենում ադրբեջանական բանակում>>, ընդգծած է Հասրաթեան:
Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը այցելած է բանակի առաջին գիծի վրայ շարք մը զօրամասեր:
Հանրապետութեան գլխաւոր հրամանատարը լսած է մարտական հերթապահութիւն կատարող հրաձգային ստորաբաժանումներու հրամանատարներուն զեկոյցները, ծանօթացած է պաշտպանական համակարգի ամրապնդման ուղղուած աշխատանքներուն եւ յուշանուէրներով պարգեւատրած է լաւագոյն զինծառայողները: Նախագահ Սահակեան ներկայ գտնուած է նաեւ ռազմական վարժութիւններու:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ