Հայաստան Պաշտօնապէս Հրաժարեցաւ «Եւրոտեսիլ-2012»ին Մասնակցելէ

By Asbarez | Wednesday, 07 March 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Հանրային հեռուսատեսութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Հայաստան պիտի չմասնակցի «Եւրոտեսիլ»ի այս տարուան հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենար Պաքուի մէջ:

«Մենք խորապէս հիասթափուած ենք այս որոշումէն», նշած է մրցոյթի գործադիր ղեկավար Ճոն Օլայ Սանտ, աւելցնելով, որ հակառակ իրենց բազմաթիւ ջանքերուն, հայկական կողմը հրաժարած է իր պատուիրակութիւնը ուղարկել է Պաքու:

Յիշեցնենք, որ մինչ այս պաշտօնական յայտարարութիւնը, Փետրուար 23ին, շարք մը հայ երգիչ–երգչուհիներ հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ մը՝ կոչ ուղղելով Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան՝ պոյքոթի ենթարկելու Մայիսին Պաքուի մէջ կայանալիք «Եւրոտեսիլ-2012» մրցոյթը:

«Մենք կը հրաժարինք ելոյթ ունենալէ երկրի մը մէջ, որ յայտնի է հայերու զանգուածային ջարդերով ու կոտորածներով, երկրի մը, ուր հայատեացութիւնը հասցուած է պետական քաղաքականութեան մակարդակի, երկրի մը, ուր ոեւէ հայու մուտքը արգիլուած է, եթէ նոյնիսկ ան այլ երկրի քաղաքացի է», յայտարարած էին հայ երգիչները:

Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը «Եւրոտեսիլ»ին չմասնակցելու իր որոշումը հիմնաւորած է յայտարարութեամբ մը, ուր կ՛ըսուի, որ «Փաստացի կարող ենք արձանագրել, որ «Եւրատեսիլ»ը հիւրընկալող երկրի նախագահը պաշտօնապէս յայտարարում է, որ բոլոր հայերը, այդ թւում նաեւ նրանք, ովքեր ընդգրկուած պէտք է լինէին «Եւրատեսիլի» պատուիրակութեան մէջ, Ադրբեջանի թշնամիներն են: Հետեւաբար, որեւէ տրամաբանութիւն չկայ մասնակից ուղարկել մի երկիր, որտեղ նրան դիմաւորելու են որպէս թշնամու: Սա մեզ համար սկզբունքային խնդիր է»:

comments