Ըստ Սերժ Սարգսեանի Ղարաբաղի Հարցը Առանցքային Է

By Asbarez | Wednesday, 08 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յուլիս 6ին Երեւանի մէջ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիասի հետ կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ « Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային պրոցեսում (գործընթացի մէջ-Խմբ.) նոր զարգացումներ չկան, եւ մենք մեր մօտեցումները, բնականաբար, չենք փոխել։ Մի բան ակնյայտ է. բոլոր ներգրաւուած կողմերը գիտեն, որ խնդրի կարգաւորման առանցքային հարցը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցն է»։

Նախագահը նշած է, թէ որեւէ լուծում չի կրնար կենսունակ եւ իրագործելի ըլլալ, եթէ անիկա չարժանանայ ԼՂ ժողովուրդի հաւանութեան:

Ս. Սարգսեան ԼՂ բանակցային գործընթացի առնչութեամբ նաեւ յայտարարած է, թէ Հայաստանը չէ փոխած իր դիրքորոշումը խնդիրի լուծման ուղղութեամբ. հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի առանց ուժի կիրառման, բանակցութիւններու միջոցով, միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ։
Կիպրոսի նախագահը, իր կարգին, Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ յայտարարած է, թէ Կիպրոսի հանրապետութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանին՝ ԼՂ հակամարտութեան հարցը լուծելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակէն ներս եւ միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ։

Խնդիրի լուծումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով լուծելու հաւանութեան մասին երկու երկիրներու նախագահները ընդգծած են նաեւ երէկ տարածած համատեղ յայտարարութեան մէջ։
Նախագահ Սարգսեան, նոյն ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն:

«Մենք ցանկանում ենք վերացնել Եւրոպայում մնացած փակ սահմանները եւ կառուցել առանց նախապայմանների բնականոն յարաբերութիւններ: Բայց մենք մտադիր չենք այդ ճանապարհին թոյլատրել օգտագործելու բանակցային գործընթացը՝ միջազգային հանրութեանը մոլորութեան մէջ գցելու համար», յայտարարած է նախագահ Սարգսեան:

Նշենք, որ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիաս, կնոջ՝ Էլսի Խրիստոֆիայի հետ, Հայաստան կատարած երկօրեայ այցելութեան առաջին հանդիպումը ունեցած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ, Կիպրոսի նախագահն ու Առաջին տիկինը հիւրընկալուած են Վեհարանին մէջ, ուր զանոնք ողջունած է Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:

Կարեւոր նկատելով Կիպրոսի նախագահին այցը հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ վեհափառ հայրապետը անդրադարձած է երկու պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ ստեղծուած եղբայրական ջերմ կապերուն, վստահութիւն յայտնելով, որ նախագահի այցէն ետք այդ յարաբերութիւնները առաւել պիտի սերտանան: Անդրադառնալով ընդհանուր խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու՝ նորին սրբութիւնը մատնանշած է ուժերու մէկտեղման ու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տ. Խրիստոֆիասին՝ հայ համայնքին հանդէպ անոր ջերմ ու հոգատար վերաբերմունքին համար, շեշտելով, որ Կիպրոսի իշխանութիւններուն բարիացակամ վերաբերմունքին շնորհիւ հայերը կը վայելեն իրենց ազգային-եկեղեցական ու մշակութային լիարժէք կեանքը:

comments

Advertisement