Սերժ Սարգսեան Հանրապետական Կուսակցութեան Նախագահ Վերընտրուեցաւ

By Asbarez | Monday, 12 March 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ շաբաթավերջին վերջ գտաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) 13րդ համագումարը, որուն աւարտին կուսակցութեան նախագահ վերընտրուեցաւ ՀՀԿի գործող նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

ՀՀԿի համագումարը ընտրեց նաեւ կուսակցութեան նոր գործադիր մարմին մը, որուն անդամներն են՝ Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան, ՀՀԿ մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, ՀՀԿ երիտասարդական խորհուրդի նախագահ Կարէն Աւագեան, հանրապետական պատգամաւոր Հերմինէ Նաղդալեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Կարէն Կարապետեան մնաց գործադիր մարմինի կազմի անդամ, իսկ գործադիր մարմինի նախկին անդամ Յարութիւն Փամպուկեան՝ իր սեփական դիմումին համաձայն՝ չընդգրկուեցաւ կազմէն ներս:

ՀՀԿի գործադիր մարմինի մնացեալ անդամներն են՝ ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀԿ նախընտրական ժամանակաւոր յանձնախումբի ղեկավար Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Դերենիկ Տումանեան, Գագիկ Բեգլարեան, Ռազմիկ Զոհրապեան, Ռուբէն Թադեւոսեան, Մուշեղ Լալայեան, Հրանոյշ Յակոբեան, Դաւիթ Յարութիւնեան, Գագիկ Մինասեան եւ Գալուստ Սահակեան:

comments