Անգարա Բաւարարուած Չէ Երեւանի Երաշխիքներով

By Asbarez | Monday, 01 March 2010

ՊՈԼԻՍ.- Ուրբաթ, Փետրուար 26ին, <<Հիւրրիյէթ>> թերթին համացանցային կայքը, իր տեղեկութիւնները թրքական դիւանագիտական աղբիւրներէ քաղելով՝ կը տեղեկացնէ, թէ Անգարա բաւարարուած չէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին նկատմամբ՝ Երեւանի տրամադրած երաշխիքներով:

Ըստ Թուրքիոյ, Հայաստանի ներկայ կեցուածքը խոտոր կը համեմատի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականացնելու եւ դիւանագիտական կապեր հաստատելու նպատակով ստորագրուած արձանագրութեան սկզբունքներուն: Անգարա նաեւ մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ Հայաստանի խորհրդարանը վաւերացուցած է օրէնք մը, որ երկիրը միջազգային դաշինքներէն ետ քաշելու գործընթացը կը դիւրացնէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ չէ ուզած իր ինքնութիւնը բացայայտել, Ուրբաթ օր յայտնած է, թէ Հայաստանէն եկած պատգամները <<շփոթեցնող են>>:

comments