By Asbarez | Thursday, 15 March 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը «Զուարթնոց» օդակայանը օգտագործելուն համար «Արմէնիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութեան (ԱՄՕ) պարտական է 5.3 միլիոն եուրօ՝ իբրեւ վճարում վերջին 6 ամսուան գործունէութեան:
15 Մարտին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտարարութիւն կատարեց ԱՄՕի գործադիր տնօրէն Մարսելօ Վենտէ, որուն համաձայն, ընկերութիւնը զիջումներ կատարած է՝ ընդունելով ուղեւորներու սպասարկման սակի նուազեցման «Արմաւիա»ի պահանջը։
Յիշեցնենք, որ 1 Փետրուարէն ի վեր այդ սակը ճշդուած է 20 եուրօ։ Ըստ Վենտէի՝ ԱՄՕն այդ զիջումը կատարած է՝ ակնկալելով, որ «Արմաւիա» իր պարտքերը կը փակէ 31 Մարտէն 1 Սեպտեմբերի միջեւ։ Սակայն Մ. Վենտէ յայտարարեց, որ եթէ օդանաւային ընկերութիւնը 31 Մարտին իր առաջին վճարումը չկատարէ, ինչպէս նաեւ ընթացիկ սպասարկութեան փոխարէն վճարումներ չընէ, համաձայնագիրը ինքնաբերաբար չեղեալ կը նկատուի։ Մ. Վենտէ նշեց, որ երեք դրամատուներէ վարկ առած են, անոնք կարելի է փակել եթէ «Արմաւիա» իր պարտքերը տայ։ «Աշխարհում առաջին դէպքն է, երբ աւիաընկերութիւնը բողոքում է օդանաւակայանից: Ցանկացած տեղ օդանաւակայանի սպասարկման ծախսը աւիաընկերութեան ծախսերում փոքր մաս է կազմում», ըսաւ ան։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւային ընկերութեան գլխաւոր վարչութեան մամուլի քարտուղար Նելլի Չերչինեան 13 Մարտին յայտարարած էր, որ «Արմաւիա»ն եւ ԱՄՕն կրցած են համաձայնիլ: Սակայն ԱՄՕի մամլոյ ծառայութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ 4 օր տեւած բանակցութիւններէն ետք «Արմաւիա»ն դուրս եկած է բանակցային գործընթացէն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ