By Asbarez | Friday, 16 March 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 16 Մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան ընդունած է գերմանացի իր պաշտօնակիցը՝ Կիտօ Ուեսթըրուէլը։ Զայն ողջունելով՝ Նալբանդեան ըսած է. «Ինձ համար շատ հաճելի է հիւրընկալել Ձեզ Հայաստանում երկու երկրների միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման քսանամեակի յոբելեանական տարում:
«Այս քսան տարիների ընթացքում մեզ յաջողուել է ձեւաւորել իրական բարեկամական յարաբերութիւններ՝ հաստատել բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն, ձեւաւորել լայն իրաւապայմանագրային դաշտ, զարգացնել եւ ընդլայնել առեւտրատնտեսական կապերը, իրականացնել զարգացման ու ներդրումային ծրագրեր, միջխորհրդարանական եւ ապակենտրոնացուած համագործակցութիւն, ակտիւացնել գիտակրթական եւ մշակութային կապերը»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Կիտօ Ուեսթըրուէլ նշած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յոբելեանին առիթով կարելի է արձանագրել, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը բաւականին զարգացած եւ ամրապնդուած է, իսկ այսօր առկայ են զայն ալ աւելի ընդլայնելու ու սերտացնելու բոլոր նախադրեալները:
Էդվարդ Նալբանդեան ու Կիտօ Ուեսթըրուէլ քննարկած են երկկողմանի օրակարգի հարցեր, անդրադարձած են Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, տնտեսական համագործակցութեան խթանման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն:
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները լուսարձակի տակ առած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները՝ գոհունակութիւն յայտնելով այդ իմաստով արձանագրուած յառաջընթացի համար։
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերջին զարգացումները: Այս առումով նախարար Կիտօ Ուեսթըրուէլ Գերմանիոյ աջակցութիւնը յայտնած է Մինսքի խումբի համանախագահութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերուն՝ ընդգծելով խնդիրին խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Անոնք հանգամանալից կերպով անդրադարձ կատարած են նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման առնչուող խնդիրներուն շուրջ:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էին նաեւ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան հաստատման նպատակով ի գործ դրուած ջանքերն ու այդ իմաստով Գերմանիոյ եւ Հայաստանի ներդրումը:
Կիտօ Ուեսթըրուէլ ներկայացուցած է Իրանի կորիզային ծրագիրին վերաբերեալ ԵՄ դիրքորոշումը։ Այս մասին Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Հայաստանը յոյսով է, որ Իրանի կորիզային ծրագիրին շուրջ լուծումներ եւ համաձայնութիւններ կը գտնուին բանակցութիւններու միջոցով՝ միջազգային հանրութեան եւ Իրանի համատեղ ջանքերով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ