Հայոց Եկեղեցին Կը Միանայ Ղպտի Պատրիարքի Մահուան Սուգին

By Asbarez | Monday, 19 March 2012

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ, ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան՝ առաջնորդ Թեհրանի Հայոց թեմին, եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան՝ վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքին, պիտի մասնակցին Երեքշաբթի, Մարտ 20ին, Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք Շնուտա Գ. պատրիարքի յուղարկաւորութեան: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը Ղպտի եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոտին յղեց ցաւակցական հետեւեալ գիրը.

«Խոր ցաւով իմացանք վախճանումը Աղեքսանդրիոյ պապ եւ սուրբ Մարկոսի Աթոռի գահակալ Շնուտա Գ. պապին: Արդարեւ, քանի մը ամիսներ առաջ պատեհութիւնը ունեցանք անձամբ ներկայ գտնուելու Մեր հոգեւոր եղբօր Շնուտա պատրիարքի գահակալութեան 40ամեակին: Շնուտա պատրիարքը ճանչցած ենք 1966էն սկսեալ՝ երբ Մենք տակաւին սարկաւագ էինք եւ ինք Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ քրիստոնէական բաժանմունքի պատասխանատու եպիսկոպոս: Այդ թուականէն ի վեր եղբայրական սերտ գործակցութիւն ունեցանք իրեն հետ: Այդ գործակցութիւնը ընդգրկեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, աստուածաբանական երկխօսութիւնները այլ եկեղեցական ընտանիքներու հետ եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումը: Այդ համապարփակ գործակցութեան որպէս արդիւնք՝ մենք միասնաբար, Միջին Արեւելեան մակարդակի վրայ Ղպտի, Ասորի եւ Հայ եկեղեցիներու միջեւ մնայուն համագործակցութեան կառոյցներ յառաջացուցինք, որպէսզի աւելի ամրապնդենք Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու դարաւոր միութիւնը եւ կարենանք միասին դիմագրաւել նոր ժամանակներու մարտահրաւէրները, յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ: Յաճախակի առիթներով Մենք եղանք Գահիրէ, իր հիւրը եւ փոխադարձաբար ինք եղաւ Անթիլիաս՝ Մեր հիւրը:

Հետեւաբար, Շնուտա պատրիարքը մօտէն ճանչնալով՝ կրնանք հետեւեալ վկայութիւնը տալ անոր մասին.

ա. Ամէն բանէ առաջ Շնուտա Գ. պատրիարք եղաւ հոգեւորական՝ բառին ամբողջական ու վաւերական հասկացողութեամբ: Աղօթքով, ծոմապահութեամբ ու ճգնաւորական կենցաղակերպով շաղախուած հոգեւոր կեանքը տիրական ներկայութիւն եղաւ իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ՝ քահանայութենէն մինչեւ պատրիարքութիւն:

բ. Շնուտա Գ. պատրիարք եղաւ ժողովուրդի՛ն հովիւը՝ բառին գոյութենական իմաստով: Միշտ եղաւ ժողովուրդին հետ Սուրբ Գրոց սերտողութեան ու այլ միջոցներով եւ յատուկ ճիգ թափեց՝ ժողովուրդին փոխանցելու Աստուծոյ խօսքը:

գ. Դաստիարակութիւնը ու աւետարանչութիւնը, որպէս եկեղեցւոյ առաքելութեան կենսական տարածքները, դարձան Շնուտա պատրիարքին հովուապետական ծառայութեան առանցքը: Ան ո՛չ միայն Եգիպտոսի, այլ նաեւ Եւրոպայի, Ամերիկայի ու Ափրիկէի մէջ նոր եկեղեցիներ հաստատեց ու իր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ ջամբեց:

դ. Շնուտա պատրիարք եղաւ գրիչի ու գիրքի մարդ: Ան բազմաթիւ գիրքեր հրատարակեց Աստուածաշունչի ու եկեղեցւոյ հայրերու մասին: Ընթերցումը երբեք չհեռացաւ իր կեանքէն:

ե. Վերջապէս Շնուտա պատրիարքը եղաւ եկեղեցւոյ միութեան ջատագով: Ան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ միջեկեղեցական շարժումին՝ միջին արեւելեան թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Յաճախակի առիթներով ան կը յիշեցնէր, թէ եկեղեցւոյ բաժանումը սկսաւ Միջին Արեւելքէն, եկեղեցիներու միութիւնն ալ պէտք է սկսի Միջին Արեւելքէն:

Արդ, մեծ կորուստ մըն է Շնուտա Գ. պատրիարքին մահը իր եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական աշխարհին համար:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, մեր հոգեւոր դասուն եւ Սուրբ աթոռին ենթակայ ժողովուրդին՝ կը սգանք իր մահը: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Սուրբ Սինոտին եւ Ղպտի եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն: Միաժամանակ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Շնուտա պատրիարքը օժտեց իր երկնային շնորհներով ու իմաստութեամբ, որպէսզի զանոնք ի սպաս դնէ Քրիստոսի սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ծառայութեան»:

Իր կարգին, Մարտի 18ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը յղած է ցաւակցական գիր, ուր կ՛ըսուի.

«Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ ողջ քրիստոնեայ աշխարհը կորցրեց «քաջ հովիւ»ը, ով աւելի քան չորս տասնամեակներ խորը եւ անմնացորդ նուիրումով իր հովուապետական առաքելութիւնն էր իրականացնում Քրիստոսի Ս. եկեղեցում: Երջանկայիշատակ Շենուդա Գ. պատրիարքը մեծ նախանձախնդրութեամբ եւ իմաստութեամբ առաջնորդեց Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին թէ՛ դժուարին ու անհանգիստ, եւ թէ՛ խաղաղ ժամանակներում: Նրա ջանքերի շնորհիւ, Ղպտի եկեղեցին վերածնունդ ապրեց: Մենք աղօթում ենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ երջանկայիշատակ պատրիարքի հոգին ընդունի Իր երկնային արքայութեան մէջ, եւ թող Սուրբ Հոգին մխիթարութիւն պարգեւի Ղպտի ուղղափառ եկեղեցու սպասաւորներին ու հաւատացեալ հօտին»:

Պատրիարքին յուղարկաւորութեան արարողութեան պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը, որուն մէջ կան Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան:

Մարտ 21ին, Ս. Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ կաթողիկոսին՝ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Ղպտի եկեղեցւոյ երանաշնորհ հովուապետի հոգւոյն խաղաղութեան համար:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement